Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2014 - Արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի Սուրբ Զատկուան պատգամը

Միացեալ Նահանգներ

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Սիրելի հաւատացեալներ,

Մի քանի օրէն պիտի վերապրինք մեր Քրիստոնէական հաւատքին անսասան հիմնաքար հանդիսացող մեծագոյն ճշմարտութեան տօնական օրերը, մեր Աստուծոյն եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը որ լոյսն ու յոյսն է իւրաքանչիւր հաւատացեալի։
Աւագ Հինգշաբթի, խաւարման Գիշերի ժամերգութիւններուն աւարտին, ըստ մեր հայկական ծիսական աւանդութեան, եկեղեցւոյ բոլոր ջահերը կը մարին ի բաց առեալ կեդրոնական ճրագէն որ իր լուսաշող բոցով վառ կը մնայ որպէս խորհրդանիշ մեր Տիրոջ Յիսուսի հսկումին Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, ուր արիւն քրտնելով ինքզինք բոլորանուէր Հօր Աստուծոյ ընծայեց որպէս քաւութեան զոհ ըսելով՝ «Հա՛յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը հեռացուր ինձմէ, բայց ո՛չ ինչպէս որ ես կ'ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ'ուզես» (Մատթ 26, 39)։ Եւ գիշերուան մութին մէջ, խաւարի իշխանութեան ուժերը՝ առաջնորդուած մատնիչ Յուդայէն ձերբակալելցին զինք, ձաղկեցին, փուշով պսակեցին, խաչի մահուան դատապարտեցին, սպաննեցին, թաղեցին՝ յանձնելով զինք գերեզմանի խաւարին, մտածելով հոն՝ յաւերժօրէն խեղդել եւ մարել Անոր լոյսը։ Սակայն, Յիսուս՝ ինչպէս որ հաստատած էր, իր աստուածային զօրութեամբ, երրորդ օրը խորտակեց մահուան կապանքները, տապալեց գերեզմանին վիթխարի քարը եւ իր յարութեամբ բացաւ յաւիտենական կեանքի դռները դառնալով յոյսն ու փառքը իրեն հաւատացող ժողովուրդներուն։
Խաւարի իշխանութեան ուժերը մեր օրերուն ալ կը շարունակեն իրագործել իրենց մահ եւ վիշտ սփռող արարքներն ու խաւարային ծրագիրները, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ, Հայոց Ցեղասպաննութեան Հարիւրամեակին սեմին՝ մօտաւորապէս ասկէ մէկ ամիս առաջ Քեսապահայութեան ապրած տմարդի ու դաժան հալածանքի ու տեղահանման արհաւիրքը։ Ինչքա՜ն վիշտ ու թախիծ յառաջացուց այս գազանաբարոյ քստմնելի ոճիրը Քեսապի խաղաղ բնակիչներուն եւ ողջ հայութեան սրտին մէջ։
Իւրաքանչիւրիս առօրեայ կեանքին մէջն ալ չեն պակսիր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները որոնք յաճախ կեանքը կը դարձնեն մթին եւ անստոյգ։ Դժուարութիւններ որոնք կապ ունին ծանր հիւանդութեան եւ առանձնութեան հետ: Ինչպէս նաեւ տնտեսական ճնշիչ եւ անարդար պայմաններու, ընտանեկան պարագաներու անհաշտ մթնոլորտէն յառաջացած հոգեկան վէրքեր, որոնք իրենց դառն ու կսկծալի հետքերը կը թողուն բազմաթիւ անհատներու կեանքին մէջ։
Այս սուրբ Զատկուայ տօնին, շնորհաւորելով բոլորիդ Յարութեան տօնը, կ'ուզեմ արտայայտել զօրակցութիւնս բոլոր անոնց որոնք կը հեծեն դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու բեռին տակ, յատկապէս մեր սիրելի Քեսապահայ ընտանիքներուն։ Յարուցեալ Քրիստոսը, որուն վրայ դրած ենք մեր ամբողջ վստահութիւնն ու յոյսը բոլորիս կ'ըսէ.«Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ 16, 33). «Ինծի եկէք դուք ամէնքդ, որ յոգնած էք ու բեռնաւորուած, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ Ձեր վրայ առէք իմ լուծս... որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս թեթեւ (Մատթ 11, 28-30)։
Սիրելիներս, նոյնիսկ այս դժնդակ օրերուն մենք ուրախութեամբ կը տօնենք Զատկուան տօնը։ Այս օրերուս՝ առաւել եւս անխախտելի յոյսով է որ կ'ուզենք տօնել Յիսուսի Յարութիւնը որ յաջորդեց անոր խաչելութեան եւ մահուան։ Զատիկը՝ յաւիտենական կեանքի աղբիւրն է, որ լուսաշող ու պայծառ արեգակի նման ծագեցաւ մահուան ու գերեզմանի խաւարէն։ Լուսաւորեց իրարայաջորդ սերունդները եւ ամրացուց հաւատքը:
Այս հավատքով զօրացած կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Սուրբ Զատիկը մաղթելով որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը օրէ օր աւելի խոր կերպով թափանցէ իւրաքանչիւրիդ կեանքին ու ապրելակերպին մէջ այս աշխարհի վրայ եւ ուղղէ ձեր ամէնօրեայ փոքր եւ մեծ քայլերը դէպի յաւիտենական անմահ կեանքը զոր միայն ինք՝ Յարուցեալը կրնայ լիովին պարգեւել։ Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

14  Ապրիլ 2014
Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Տիրամայր Նարեկի
Հայ Կաթողիկէ Թեմին


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ