Երկուշաբթի, 22 Յուլիս 2013 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պրազիլ այցելութեան յայտագիրը

Պէյրութ

Այսօր կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտերկիր առաջին առաքելական ուղեւորութիւնը դէպի Պրազիլ, ուր Րիօ Տը Ժանեյրօ քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն, որոնք կ'ընթանան մինչեւ կիրակի, 28 յուլիս 2013: Այս առիթով յատուկ ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ «Guanabara» պալատի պարտէզին մէջ, ուր Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ իր առաջին պատգամը այս այցելութեան ընթացքին, ներկայութեամբ Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսէֆին, Րիօ Տը Ժանեյրոյի քաղաքապետ՝ Էտուարտօ Փաիսի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Չորեքշաբթի 24 յուլիսին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Աստուածածնայ աշխարհի մեծագոյն սրբավայրը՝ «Aparecida»ի Անարատ Յղութեան ազգային աղօթատեղին: Նոյն օրը, Սրբազան Հայրը բացումը պիտի կատարէ թմրամոլութենէ տառապող հիւանդներու նոր բուժարանին, «São Francisco da Penitência»ի հիւանդանոցին մէջ:
Հինգշաբթի 25 յուլիսին, Սրբազան Քահանայապետը կարճատեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ համաշխարհային մարզախաղերու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ այս առթիւ պիտի օրհնէ Ողիմպիական Խաղերու դրօշները: Երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, ան պիտի այցելէ «Copacabana» ծովեզերքը, ուր տեղի պիտի ունենայ յատուկ ընդունելութիւն մը, Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու ծիրին մէջ: Այս այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Ա. իր առաջին պատգամը պիտի ուղղէ երիտասարդ ուխտաւորներուն, որոնք ժամանած են աշխարհի չորս ծագերէն:

Ուրբաթ 26 յուլիսին, յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը Խոստովանանքի խորհուրդը պիտի կատարէ չորս ուխտաւոր երիտասարդներու: Ապա, ան պիտի հանդիպի երիտասարդ բանտարկեալներու հետ Րիօ Տը Ժանեյրոյի Սուրբ Յովակիմ արքեպիսկոպոսարանին մէջ: Նախքան աւանդական ճաշը Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու մասնակցող երիտասարդներուն հետ, Սրբազան Քահանայապետը պիտի ողջունէ տեղւոյն կազմակերպիչ մարմինը, ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարները: Երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի պիտի ունենայ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը «Copacabana» ծովեզերքին վրայ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պիտի փոխանցէ իր պատգամը ներկայ երիտասարդներուն:
Շաբաթ 27 յուլիսին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի նախագահէ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, Րիօ Տը Ժանեյրոյի «Saint Sébastien» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորընծաներուն, կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներուն: Երեկոյեան, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Հաւատքի ճամբարը (Campus Fidei), ապա պիտի մասնակցի երեկոյեան աղօթքին երիտասարդներուն հետ. աւարտին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը: 

Կիրակի 28 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ  Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը եզրափակող հանդիսաւոր սուրբ Պատարագը, ապա կէսօրին ուխտաւորներուն հետ պիտի աղօթէ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը: Այնուհետեւ, ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց խորհուրդին հետ (CELAM): Հրաժեշտի հանդիսաւոր արարողութեան Րիօ Տը Ժանեյրոյի օդակայանին մէջ, Սրբազան Հայրը պիտի արտասանէ իր այցելութեան վերջին պատգամը նախքան վերադարձը դէպի Սուրբ Աթոռ:   

Երիտասարդութեան Համաշխարհային այս Օրերը մեծ առիթ պիտի հանդիսանան Սրբազան Քահանայապետին համար շփման մէջ մտնելու տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու հետ, որոնք պիտի ժամանեն Պրազիլ աշխարհի չորս ծագերէն, մասնակցելու համար այս միջազգային իրադարձութեան եւ փոխանցելու յոյսի պատգամ մը հաւատացեալներուն:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ