Յիսուս Քրիստոսի աստուածապարգեւ Ծննդեան տօնին առիթով, ի ձայն ցնծութեան հրեշտակներուն հետ Ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ եւ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներ:
« Փա՜ռք Աստուծոյ երկինքի բարձրունքներուն մէջ,
եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ՝ բարի կամք ունեցող մարդոց» (Ղկ 2,14)
Ամէն տարի, մեծ ուրախութեամբ կը յիշատակենք Ծնունդը մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի, որ եկաւ աշխարհ խաղաղութիւն սփռելու համար մարդոց՝ ընտանիքներուն, հասարակութիւններուն եւ երկիրներուն մէջ: Նախորդ տարիներէն աւելի՝ այսօր կարիքը կայ շեշտը դնելու խաղաղութեան վրայ, նկատի առած ներկայ իրավիճակը, մանաւանդ Միջին Արեւելքին մէջ:
Խաղաղութիւնը շնորհք մըն է որ Յիսուս մեզի կը պարգեւէ, երբ կ'ըսէ. «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ» (Յովհ 14,27):
Յիսուս մեզի նոր պատուիրան մըն ալ տուաւ, երբ ըսաւ. «Սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք» եւ կ'աւելցնէ սա նշանակալի խօսքը. «Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յովհ 13, 34-35): Եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն ի վեր, այս է ամէն քրիստոնեային պիտակը՝ ամէն մարդ սիրել, առանց բացառութեան: Ուստի, սէրը Յիսուսէն կը բխի եւ խաղաղութիւնը՝ սէրէն:
Ոչ ոք կ'ուզէ կռիւ կամ խռովութիւն, եւ ամէն մարդ կը բաղձայ խաղաղ կեանք ունենալ: Արդ, խաղաղութիւնը սրտէն կը սկսի եւ սիրով կը սնանի, եւ անկէ կը տարածուի մօտիկներուն ու հեռաւորներուն, եւ յատուկ կերպով անոնց որոնք ամէնէն աւելի կարիք ունին խաղաղութեան, ընտանիքներէն ներս՝ ամուսինին եւ կնոջ միջեւ, ազգականներուն մօտ՝ դրամական հարցերու պատճառով, ծանօթներուն միջեւ՝ նախանձի պատճառով, եւ օրինակները շատ են:
Խաղաղութիւնը, ինչպէս ըսի, Աստուծոյ պարգեւն է, բայց խաղաղութիւնը գոյացնել՝ պատասխանատուութիւնն է նախ եւ առաջ մեզի քրոստոնեաներուս: Մենք կոչուած են կամուրջ դառնալու՝ ուրիշներուն հասցնելու համար Աստուծոյ խաղաղութիւնը: Յիւսուս ըսաւ. «Երան՜ի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին« (Մտթ 5,9): Յիսուս չըսաւ երանի խաղաղասէրներուն, այլ խաղաղարարներուն, այսինքն՝ երանի անոնց որոնք կ'աշխատին խաղաղութիւնը հաստատելու հակառակորդ մարդոց միջեւ:
Յիսուսի քարոզած խաղաղութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ կը հակասէ աշխարհի յառաջացած խաղաղութեան: Պատմութեան մէջ կը կարդանք Օգոստոս կայսրին խօսքը, որ կ'ըսէ թէ ինք խաղաղութիւնը հաստատեց աշխարհին վրայ իր զինուորական յաղթանակներուն շնորհիւ:
Կարելի է ըսել թէ՝ խաղաղութիւնը որ Յիսուս Քրիստոս հաստատեց, ան ալ Անոր յաղթանակներուն շնորհիւ է: Բայց, Յիսուսի յաղթութիւնները չեղաւ թշնամիները սպաննելով, այլ՝ անոնց համար մեռնելով, ինչպէս որ Ս. Պօղոս կ'ըսէ՝ թէ խաչի վրայ «Յիսուս յաղթեց մահուան», բայց չըսէր որ Յիսուս սպաննեց թշնամիները:
Սիրելիներ, քրիստոնէական գաղափարը խաղաղութեան մասին պէտք է տարածել նաեւ քաղաքականութեան շրջագիծէն ներս: Յստակ է որ միակ ճամբան խաղաղութեան հասնելու համար՝ թշնամական ոգին փարատելն է, եւ ոչ ինչպէս քաղաքագէտները կը մտածեն՝ թշնամիները սպաննել: Անոնք թշնամիներուն կը յաղթեն զէնքով, իսկ թշնամութիւնը կը յաղթուի տրամախօսութեամբ, համբերութեամբ եւ լուրջ աշխատանքով, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ վերջերս Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ շնորհիւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան Պապին միջամտութեան: Սովորաբար, քաղաքագէտներուն նպատակն է՝ թշնամին սպաննել: Բայց անոնք կը մոռնան որ թշնամիներուն արիւնը ծնունդ կու տայ նորանոր թշնամիներուն, եւ այսպէս՝ փոխանակ թշնամիները կործանելու, անոնց թիւը երթալով կը բազմանայ, ինչպէս որ ներկայ պարագաները մեզի ցոյց կու տան:
Խաղաղարար անձ դառնալու համար, կարելի է ուրեմն դիմել նաեւ աղօթքի, երբ չենք յաջողիր համոզելու իրարու թշնամի ազգերը տրամախօսութեամբ իրենց հարցերը լուծելու համար: Այս կէտին շուրջ պատմական դէպք մը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, երբ Նորին Սրբութիւն՝ Ֆրանչիսկոս սրբազան Պապը, Սուրիոյ դէմ հռչակուած պատերազմէն խուսափելու համար, յայտարարեց որ Աստուածամօր ծննդեան տօնին նախօրեակը, Սեպտեմբեր 7-ը, ըլլայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի օր: Այդպէս ալ եղաւ: Եւ Սրբազան Պապին միացան ոչ միայն կաթողիկէները եւ բազմաթիւ քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, այլ նոյնիսկ Մեծ Պետութիւններու ժողովուրդները: Արդիւնք՝ Անգլիա եւ Գերմանիա քաշուեցան, իսկ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին 62 առ հարիւրը քուէարկեցին ի նպաստ սրբազան Պապին խաղաղարար ծրագրին: Եւ այսպէս, ծոմապահութիւնը եւ աղօթքը աւելի ազդու դարձան եւ պատերազմի դիւային ծրագիրը ձախողեցաւ: Ահա՛, սիրելի եղբայրներ, աղօթքի եւ ծոմապահութեան զօրաւոր եւ բարեբեր արդիւնքը:
Ուստի, սիրելիներ, աղօթքը մեծապէս օգտակար է, բայց խաղաղութիւնը բանեցնելու համար հարկ է պատերազմի պատճառները փարատել: Այս կարեւոր աշխատանքը յաջողցնելու համար, անհրաժեշտ է ներառել ամէն մարդ, նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաները եւ ամէն բարի կամք ունեցող մարդիկ, որոնք պատրաստ են համագործակցելու ի նպաստ խաղաղութեան:
Յոյժ սիրելիներ, սուրբ Բեռնարդոս կ'ըսէ, որ Յիսուս մեզի կը յայտնուի երեք անգամ՝ անգամ մը իր ծննդեան օրը՝ տկար մանուկի կերպարանքով, անգամ մը աշխարհին վերջին օրը՝ որպէս դատաւոր բոլոր մարդոց, եւ երրորդ անգամ՝ Յիսուս մեզի կը յայտնուի ամէն օր: Արդարեւ, Յիսուս ամէն օր մեր սրտի դուռը կը զարնէ: Ասոր համար, ամէն օր պէտք է որ արդուն ըլլանք Յիսուսին մտիկ ընելու, գիտնալու համար Իր կամքը՝ զայն կատարելու համար: Այսինքն ինչպէ՞ս կարելի է աւետել մեր շրջանակի ամէն անձին որ Յիսուս զինք կը սիրէ եւ ասոր համար Ան աշխարհ եկաւ, եւ այսօր մենք կը տօնենք Անոր Ծնունդը, եկաւ որպէսզի մեզ ազատէ մեր ցաւերէն եւ մեզ փրկէ մեր մեղքերէն, եւ այս նպատակին համար Ան իր կեանքը զոհեց խաչի վրայ մեզի համար: Ոչ միայն, այլ Ան մեզի բացաւ երկինքի դռները, որոնք փակ մնացած էին Ադամի եւ Եւայի մեղքէն ի վեր, մեզի համար տեղ պատրաստեց երկինքին մէջ, որպէսզի յաւիտեանս երջանիկ ըլլանք բոլոր իրեն հաւատացողներուն հետ:
Սիրելիներ, կ'արժէ ամէն օր մենք մեզի հարցնենք. արդե՞օք ես արթուն եմ Յիսուսի կոչին: Արդեօք իմ օրակարգիս վրայ Յիսուսին ժամանակ կ'ընծայ՞եմ աղօթելու եւ Իրեն մտիկ ընելու, կամ թէ այնքան ինքզինքս կը զբաղեցնեմ, որ ժամանակ իսկ չունիմ Յիսուսը լսելու եւ կեանքս Իր խօսքով լուսաբանելու, Իր ծրագիրը իմ վրաս ճանչնալու ու զայն գործադրելու եւ սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակելու: Նման հարցումներ կրնան զիս արթուն պահել Աստուծոյ կամքը ճանչնալու իմ կեանքիս իմաստը եւ կոչումը աւելի լաւ հասկնալու համար:
Յոյժ սիրելիներ, Ծննդեան շրջանը մեզ կը կոչէ Աստուծոյ փառք տալու, որովհետեւ Աստուած բարի է, հաւատարիմ է եւ ողորմած է: Ան է մեր երկնաւոր Հայրը, որ մեզի պարգեւեց Իր Միածին Որդին, Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի մեր կեանքի ելեւէջներուն ընթացքին, զգանք որ Աստուած մեզի մօտ է, որպէսզի զինք սիրենք, պաշտենք եւ Անոր փառք տանք: Ինչպ՞էս: Մեր կեանքի բարի վկայութեամբ եւ Յիսուսին սէրը սփռելով մեր շրջանակէն ներս:
Երբ մսուրին դիմաց կ'ամփոփուինք մանուկ եւ անզօր Յիսուսին առջեւ, յիշենք մեզի սորվեցուցած իր հետեւեալ խօսքը. «Սորվեցէ՛ք ինձմէ որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ, ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ 11,29):
Ո՜վ սիրելի Յիսուս՝ տո՛ւր խաղաղութիւն մեր սրտերուն, բոլոր ընտանիքներուն, համայն աշխարհին, մանաւանդ անոնց որոնք ամէնէն աւելի անձկութեան մէջ կ'ապրին:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս՝ տո՛ւր ընտանիքներուն որ ապրին սուրբ ընտանիքի նման՝ պարզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ փառաբանութեամբ:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս՝ տո՛ւր նուիրեալ հոգիներուն, մանաւանդ այս տարի որ սիրեն իրենց կոչումը եւ անոր հաւատարիմ մնան՝ ծառայելով զրկուածներուն, տառապեալներուն եւ քու սիրոյթ կարօտեալներուն:
Ո՜վ սիրելի Յիսուս՝ լեցո՛ւր մեր սիրտերը հեզութեամբ, խոնարհութեամբ ու քու աստուածային սիրովդ, եւ ըրէ՛ որ քու այդ սէրդ սփռենք մեր շրջանակէն ներս, որպէսզի ամէն անձ զգայ, որ Դուն ծնար եւ յայտնուեցար իրեն համար. Ամէն:
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ Օրհնեալ է Ծնունդը Յիսուսին