Երեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2011 - Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ հայր Ռափայէլ արք. Մինասեան այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը


Երեւան

Այսօր՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, Երեւանի մէջ, Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ արհի. հայր Ռափայէլ արք. Մինասեան, ընկերակցութեամբ նախկին առաջնորդ՝ հայր Վահան ծ.վ. Օհանեանի եւ պրն. Սարգիս  Նաճարեանի այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին։ Հանդիպումը տեւեց աւելի քան 1 ժամ, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքեր փոխանցուեցան եւ Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց նոր առաջնորդը։
Ներկաները անդրադարձան համայն հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւններուն, հայերէնի կարեւորութեան եւ Եկեղեցւոյ դերին մասին հայապահպանման գործընթացքին մէջ։ Սփիւռքի նախարարը կոչ ուղղեց համագործակցութեան առանց ոեւէ խտրութիւն դնելու։
Գերապայծառ հայրը իր կարգին յայտնեց իր գործակցութեան բարի տրամադրութիւնները Հայաստանի պետական կառոյցներուն հետ, ինչպէս նաեւ յիշեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տարած գործունէութիւնը եւ անոր կապերը Հայաստանի հետ։ Ան նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան պարզեց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յիշատակումի առաջարկ ծրագիրները հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։

http://www.mindiaspora.am/am/News/1504

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ