Վատիկան
Վատիկանի մէջ կայացած Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ԺԳ. Սիւնհոդոսին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը համաժողովին կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան` ներկայութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին: Ստորեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը:
«Աւետարանչութիւնը, այլ խօսքով քրիստոնէական արժէքներու ու սկզբունքներու տարածումը, եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառն է: Անիկա Քրիստոսի կողմէ տրուած պատուէր է եկեղեցւոյ: Անհրաժեշտ է ընդառաջել այդ պատուէրին, յատկապէս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անկում ապրող ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, վերանորոգելով եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը` ի խնդիր քրիստոնէական առաքելութեան ու աւետարանչութեան առաւել ազդու կենսագործման: Սա մեծագոյն հրամայականն է այսօր եկեղեցւոյ դիմաց», կը հաստատէ վեհափառ հայրապետը: Ապա կ՛աւելցնէ. «Եկեղեցւոյ աւետարանչական կոչումին հզօրացումը միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առնչուած խնդիր չէ. անիկա համաքրիստոնէական առաջնահերթութիւն է: Բոլոր եկեղեցիները կոչուած են, իւրաքանչիւրը տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու տարածման: Սա դիւրին առաքելութիւն մը չէ համաշխարհայնացման ժխտական ուժերով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Սակայն հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի աւարտին կ՛ողջունէ Բենեդիկտոս ԺԶ. պապին նախաձեռնութիւնը, իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուղղած անոր հրաւէրին համար` յիշեցնելով, որ եկեղեցիներ առաւելագոյն չափով պէտք է գործակցին իրենց առաքելութեան ու աւետարանչութեան ճամբուն վրայ: