Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2007 - Շնորհաւորագիր Տիար Ռոպերթ Քոչարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 16-րդ Տարեդարձին Առթիւ

 

Դիւան թիւ 222/07


Մեծայարգ Տիար Ռոպերթ Քոչարեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

Սիրելի Տիար Նախագահ,

Հայաստանի Անկախութեան 16-րդ տարեդարձին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր միջոցաւ Հանրապետութեան պետական բոլոր պաշտօնատարները: Այս առիթով, միաժամանակ կ’արտայայտենք Մեր ուրախութիւնը ի լուր եւ ի տես տարիէ տարի Հայաստանի արձանագրած  հսկայաքայլ յառաջդիմութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս: Մեր մաղթանքն է որ ամբողջական յաջողութեամբ պսակուին 16ամեայ Անկախութեան հիմերը զօրացնող ու ամրապնդող ծրագիրները եւ այնքան բարելաւուին հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ընկերային պայմանները, որ Անկախութեան պայմաններուն ներքեւ ան գտնէ իր զոհողութիւններուն ու զրկանքներուն արդար վարձատրութիւնը:  Մեր կարգին, կը վստահեցնենք Ձեզ որ Հայաստանը եւ անոր ամէն տեսակէտով զօրակցելու պահանջը կը գտնուին Մեր բոլոր շփումներուն եւ հանդիպումներուն օրակարգին վրայ:

Զմմառու Վանքի Մեր նստավայրէն, կը հայցենք Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Տիրոջ հովանին անպակաս ըլլայ Ձեր, Հայաստանին եւ համայն Հայ ժողովուրդին վրայէն:


Հայրական Օրհնութեամբ՝

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ