Երկուշաբթի, 18 Յունիս 2012 - Ընտանիքի Օր Զմմառու վանքին մէջ


Զմմառ

Կիրակի, 17 յունիս 2012, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4, Զմմառու «Վերափոխեալ Տիրամայր» վանքին մէջ,  հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար տօնենք Հայ Ընտանիքի Օրը»: Հայ կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն մօտ 800 հոգի՝ այրեր, կիներ եւ երեխաներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին: Այս առթիւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցանեց Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, «Կռունկ» երգչախումբի մասնակցութեամբ: Ապա օրուան յայտագիրը ընդգրկեց գեղարուեստական կոկիկ բաժին մը:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ