Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2013 - Մշտնջենաւոր ուխտադրութիւն Հռոմի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Միաբանութեան Մայր Տան մէջ

Հռոմ

Կիրակի 8 դեկտեմբերին, Հռոմի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Մայր Տան մէջ, հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց եւ օրուան պատշաճի քարոզը արտասանեց գերյարգելի Գրիգորիս ծ.վրդ Սէրէնեան, միաբանակից երկու հայ կոյսեր՝ քոյր Թերեզա եւ քոյր Սրբուհի, սիրոյ լապտերը ձեռին, մշտնջենաւոր ուխտադրութիւն կատարեցին, խոստանալով հաւատարմութիւն իրենց կրօնաւորական վիճակին, պատարագիչ վարդապետին ու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի` մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի ներկայութեամբ:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան միաբանակից քոյրերո եւ Հռոմաբնակ հայ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ժամանած Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան։

Մեր անկեղծ շնորհաւորութիւնները նուիրեալ քոյրերուն եւ աշխարհի չորս կողմերը ծառայող Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, մաղթելով որ միաբանութիւնը նորանոր կոչումներով հարստանայ շարունակելու համար Հռիփսիմեանց կոյսերուն շառաւիղը` ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ