Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2014 - Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի Եփրեմ Բ. նորընտիր Պատրիարքին ի պատիւ ճաշկերոյթին

Պէյրութ

Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ  ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տէր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. նորընտիր Պատրիարքին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին, որ տրուած էր Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբումին կողմէ, Պէյրութի մէջ: Ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եունան Պատրիարքը, յոյն կաթողիկէ Լահհամ Պատրիարքը եւ այլ հոգեւորական ու պետական անձնաւորութիւններ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան հայր Պերճ վրդ. Սապէ, տիարք Ապպուտ Պօղոս եւ Վաչէ Նիւրբէթլեան:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ