Պէյրութ
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի կազմակերպութեամբ, պրն. Յարութ Սասունեան իր եռօրեայ հանդիպումները աւարտեց կլոր սեղանի շուրջ զեկուցելով համասփիւռքեան ներկայացուցչական կառոյցի ստեղծման գաղափարին եւ սփիւռքի կազմակերպական ապագայի հեռանկարներուն շուրջ, լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներու եւ աշխատակիցներու մասնակցութեամբ, շաբաթ 17 Ապրիլ 2010-ին, Աշրաֆիէի Հ.Կ.Մ. սրահին մէջ:
Պրն. Սարգիս Նաճարեան վարեց կլոր սեղանը: Իր բացման խօսքին մէջ ան նախ ներկայացուց պրն. Յարութ Սասունեանի հայանպաստ եւ հայրենանպաստ գործունէութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ: Ապա ան մէջբերեց պրն. Սասունեանի այն յօդուածը, ուր ակնյայտ կու գայ իր համասփիւռքեան կառոյցի ստեղծման առաջարկ-ծրագիրը:
Պրն. Յարութ Սասունեան խօսք առնելով ներկայացուց իր տեսակէտը այս առաջարկին շուրջ եւ զայն նկատեց նախագիծը՝ այն ոչ-կառավարական մարմնին, որուն կառուցման եւ կազմակերպական չափանիշները ուսումնասիրութեան պէտք է ենթարկուին մասնագէտներու կողմէ: Ան նաեւ նշեց, որ ժողովրդավարութեան ընտրովի ձեւը լաւագոյնն է նման հայկական սփիւռքի ներկայացուցչական կառոյց կազմելու համար:
Ապա առիթ եղաւ մասնակցողներուն տարբեր տեսակէտեր ու մտահոգութիւններ պարզելու, ինչպէս նաեւ հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերին համասփիւռքեան մարմնի ստեղծման եւ կարգաւորման գաղափարին շուրջ:
Հանդիպման աւարտին խօսք առաւ «սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Սասունեանին իր կատարած եռօրեայ հանդիպումներուն համար եւ մաղթեց, որ այսպիսի հադիպումներ կրկնուին եւ առիթ հանդիսանան մշակելու եւ զարգացնելու համար 21րդ դարու հայու նոր տիպարը: