ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ
Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի, 18 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը:
Սոյն հանդիսութեան նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը. արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը:
Միւռոնօրհնէքը Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աւանդութեան մաս կազմող կարեւորագոյն աւանդութիւններէն մէկն է, որ կը կատարուի ըստ կարիքի: Արարողութեան թուականը նախօրօք կ’որոշէ նոյնինքն Հոգեւոր Տէրը:
Արարողութիւնը կը կատարուի Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ. անոր ընթացքին կ’օրհնուին երեք տեսակի իւղեր՝ միւռոն, երախայից եւ հիւանդաց:
Միւռոնը պատրաստուեցաւ ըստ աւանդութեան, 40 տեսակէ աւելի տարբեր նիւթերէ՝ բոյսեր, անուշաբոյր խոտեր եւ իւղեր՝ օրհնուելէն 40 օր առաջ:
Հոգեւոր Տէրը, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, օրհնեց բոյսերն ու կրակը. կղերական դասը, ամենայն սրբութեամբ, հսկեց եւ հետեւեցաւ միւռոնի պատրաստութեան, իսկ խումբ մը հաւատացեալ երիտասարդներ հսկեցին կրակին, զայն անշէջ պահելու համար տիւ եւ գիշեր: Գործի լրջութեան ամենայն գիտակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տասնեակ եկեղեցասէր, Սրբոյ Կոյսին Մարիամ եկեղեցւոյ տիկինները:
Երէկուան հանդիսաւոր եւ սուրբ արարողութեան ներկայ էին զանազան համայնքներէ բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Տիրայր եպս. Փանոսեան:
Զանազան երկիրներէ՝ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով հաւատացեալներ եկած էին մասնակցելու այս իւրայատուկ հանդիսութեան:
Արարողութեան կազմակերպչական պաշտօնը իրենց ուսերուն վրայ առած էին Հայ Կաթողիկէ միութեան բոլոր մասնաճիւղները:
Սպասաւորութեան առաքելութիւնը կը կատարէին Զմմառու եւ Հալէպի նորընծայարաններու սաները:
Արարողութեան մասնակցելու համար, պատրաստուած էին օրուան հետ առնչուած յատուկ գրքոյկներ՝ 3 լեզուներով:
Խորանին առջեւ զետեղուած էին այս առիթը խորհրդանշող յատուկ իրեր, որոնց շարքին՝ միւռոնի սափոր, երախայեաց սափոր, հիւանդաց իւղի սափոր, բալասանի սափոր, խաչ եւ Աղաւնի՝ հին միւռոնով:
Հոգեւոր Տէրը իր քարոզով փոխանցեց օրուան խորհուրդն ու պատգամը՝ մանրամասն անդրադառնալով միւռոնի կարեւորութեան: «Աստուած չէր կրնար ձեզ սատանային նման խորամանկ ոսոխին դէմ ձգել՝ առանց ձեզի յանձնելու հարկաւոր եւ զօրաւոր պայքարելու միջոցները: Ասոր համար,ձեզի շնորհեց նոյնինքն սուրբ Հոգին: Սուրբ Հոգիին օծումին զօրութեամբ, մարդս կրնայ արժանավայել քրիստոնեայ կեանք մը վարել եւ առաքեալ դառնալ իր ժողովրդապետութեան մէջ՝ բարիք գործելով եւ բարի օրինակ դառնալով», նշեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:
Հոգեւոր Տէրը աւարտեց իր խօսքը իր սրտաբուխ հայրական եւ հայեցի մաղթանքով: «Այսօր ձեզմէ ամէն մէկը կրնայ սուրբ միւռոնի զօրութեամբ ըլլալ հարազատ հայ, հարազատ քրիստոնեայ եւ հարազատ հետեւորդ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի», ընդգծեց ան:
Ուրեմն՝ միւռոնը, աստուածատուր այն շնորհը, որ կը խորհրդանշէ մարդը եւ զայն կը զօրացնէ ու կը զինէ շարունակելու իր մարդկային եւ քրիստոնէական կեանքը: Դարէ դար փոխանցուած այս խորհուրդը այսօր եւս կու գայ ապացուցելու, որ մենք՝ իբրեւ հայ եկեղեցի, 301 թուականէն ի վեր անխախտ մնացած ենք եւ պիտի մնանք մեր զուգահեռ եւ անբաժան սրբութիւններու նկատմամբ, որոնք են Ազգն ու եկեղեցին:
Դարերու պատմութենէն մեկնելով կը հետեւցնենք, թէ հայ ժողովուրդին համար կարելի չէ անջատել կրօնը ազգութենէն. դարերու ընկեր՝ երկուքով կերտած են վերջին 16 դարերու լուսապայծառ պատմութիւնը: Թէեւ յաճախ արիւնաթաթախ էջերով, սակայն միաժամանակ ոսկեդար ապրած հայ ժողովուրդը լիովին համոզուած է, որ ոսկեդարն ու «ապագայ ադամանդադար»ը կարելի եղած է իրագործել եւ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել միմիայն կրօնին եւ ազգին նկատմամբ ունեցած մեր կառչածութեան, գիտակցութեան եւ սիրոյ միաձուլման ճամբով:
Ներկաները լիացած եւ ուժեղացած էին միւռոնով, որ հայութեան համար եղած է եւ պիտի մնայ ե՛ւ զէնք, ե՛ւ պատեան՝ յառաջանալու համար քրիստոնէական կեանքին մէջ: