Պուրճ Համմուտ
Մեսրոպեան վարժարանը իր բոլոր բաժիններով հանդերձ նոր` 2011 – 2012 ուսումնական տարին սկսաւ մեծ աշխոյժով ու ոգեւորութեամբ: Վերամուտի հեւքը դեռ չմեղմացած, առանց դոյզն դադարի, վարժարանի տնօրէնութիւնը լծուեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը ոտքի հանելու խիստ օգտաշատ եւ պատասխանատու գործին:
Շաբաթ, 7 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, դպրոցի Ֆարաճեան սրահին մէջ իւրօրինակ ջերմութիւն մը կար: Տարբեր դասարաններու աշակերտներու ծնողներ, հաւաքուած էին ծանօթանալու մարզամշակութային ակումբի նոր ծրագրին, որ ինչպէս յայտնի պիտի դառնար քիչ ետք, որակական նոր յատկանիշներ կը խոստանար:
Վարժարանիս տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստին բարի գալուստի խօսքերը անկեղծ ժպիտներով ընդունուեցան: Ներկաներուն համար գաղտնիք չէր, որ եթէ դպրոցը նոր ծրագրի մը առաջարկը կը ներկայացնէր, ապա այդ ծրագիրը իրենց ուշադրութեան կը յանձնուէր պատշաճ ուսումնասիրուելէ եւ մշակուելէ ետք միայն:
Իրաւացի են ծնողները: Մարզամշակութային գործունէութիւնը խիստ կարեւոր նկատելով փոքրերու եւ պատանիներու մարմնական ու մտաւոր առողջ զարգացման համար, Տիկ. Անի Թորանեանը (Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի գլխաւոր պատասխանատու) power-point-ով բծախնդրօրէն կազմուած նոր ծրագիրը ցուցադրելէ զատ, ծնողներուն մանրամասնօրէն բացատրեց նաեւ իւրաքանչիւր շարժումի յատկանշական առաւելութիւնները, որպէսզի անոնք լաւագոյնս ուղղորդեն իրենց զաւակները:
Մարզամշակութային ակումբին նոր ծրագիրը, որ նախատեսուած է որպէս շաբաթավերջի արտադպրոցական շարժում, այնքան հարուստ ու բազմաբնոյթ է, որ կը հաւակնի գոհացնել տարաբնոյթ հետաքրքրութեան տէր իր աշակերտներէն շատ-շատերը:
Ծրագրին մաս կը կազմեն թատերական, նկարչական, խեցեգործական, սցենարիստներու (scenario պատրաստող) լուսանկարչական, ճատրակի, հայկական պարի, Եւրոպական եւ լատինօամերիկեան պարի, ֆութպոլի, պասքէթպոլի, փինկ-փոնկի, մարմնամարզի, եւ մարտարուեստի խմբակները:
Վաևժարանիս տնօրէնութեան հեռահար նպատակն է իր շնորհալի աշակերտներուն աջակցիլ այնպէս, որ մօտ ապագային անոնք հանրութեան մէջ առանձնանան իրենց փայլուն անհատականութեամբ:
Ինչպէս բոլոր ազնիւ նպատակները, այս մէկն ալ վստահ ենք յաջողութեամբ կը պսակուի: Գրաւականը` մեր գիտակից ծնողներու սերտ համագործակցութիւնն է:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ