Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2012 - Լիբանանի Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Ա. Համագումար


Զալքա, Լիբանան

Շաբաթ՝ 10 եւ կիրակի՝ 11 մարտ 2012-ին, Զալքայի «Սուրբ Խաչ» Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան Ա. համագումարը, նախագահութեամբ ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան հիմնադիր՝ գերյարգելի հայր Անդրանիկ թ.ծ.վ. Կռանեանի, մասնակցութեամբ՝ «Սուրբ Աւետման» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի. ինչպէս նաեւ Միութեան երեք հրամանատարներուն՝ Ընկեր Արամ Գարատաղլեանի, Ընկեր Յակոբ Թէրճանեանի, Ընկերուհի Սիպիլա Փաչանեանի եւ երկու մասնաճիւղերու խորհուրդի անդամներուն։

Երկու oրերու ընթացքին արծարծուեցան Պատանեկան Միութեան առաքելութիւնը կարեւորող հայապահպանման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ համայնքային հարցերը, ի խնդիր նոր սերունդի առողջ կազմաւորման։ Արծարծուեցան նաեւ Միութեան գործունէութեան առջեւ ծառացող  դժուարութիւնները։ Նոր Աւետարանացման լոյսէն մղուած, համագումարին մասնակիցները  հաստատեցին քրիստոնէական եւ ՀԿՄևական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը պատանիներուն համար։

Համագումարին մասնակիցները կազմեցին չորս յանձնախումբեր քննարկելու համար՝
- Օրակարգի վրայ ճշդուած նիւթերը,
- Հայ կաթողիկէ երիտասարդական ծրագիրը,
- Մասնաճիւղային ներքին հարցերը,
- Յարաբերական եւ համագործակցութեան հարցերը։

Համագումարին վերջին oրը հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին նախկին հրամանատարներ՝ Ընկերներ Կրէկուար Գալուստ, Կարo Մարաշլեան, Կարo Գահուէճեան եւ Մհեր Գալէնտերեան, որոնք իրենց անմիջական փորձառութենէն մեկնելով գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ կարծիքներու փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ ապագայի հեռանկարներու լոյսին տակ։

      
Համագումարի Ատենադպրութիւն

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ