Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «CNEWA» Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ կարտինալ Ճոն Ֆոլէյի այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Արհի. հայր Վարդան եպս.Աշգարեան, Արհի. հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Գեր. Հայր Վարդան Վրդ.Գազանճեան, Գեր. Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան եւ Տէր Կարապետ Թադէոսեան։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց հիւր հոգեւորականներուն Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը, քրիստոնեայ հայութեան պատմական տառապալի հոլովոյթը մինչեւ 20րդ դար եւ ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն հայեր ինչպէս որ ըսաւ Հոգեւոր Տէրը։ Ան նաեւ ակնարկեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ ընդհանուր գործունէութեան մասին, յիշելով Եկեղեցւոյ տարբեր թեմերը ներկայիս, Միջին Արեւելքի մէջ, Ռուսիա, Եւրոպայ եւ Ամերիկա։
Ներկաները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի մտահոգիչ կացութիւնը, անդրադարնալով քրիստոնեաներուն գաղթին մասին քաղաքական ու տնտեսական տագնապին պատճառաւ։
Նշենք, որ «CNEWA» կաթողիկէ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1926-ին Պիոս ԺԱ.Քահանայապետի հրամանագրով։ Ան կը գործէ մարդկային եւ հովուական օժանդակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ (Միջին Արեւելք, հիւսիս-արեւելեան Ափրիկէ, Հնդկաստան եւ արեւելեան Եւրոպայ), նպաստելով յատկապէս քրիստոնեայ կարիքաւոր հասարակութիւններուն եւ բարեգործական ծրագիրներուն։