Հինգշաբթի, 19 Յուլիս 2007ին սկսաւ Զմմառու Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը որուն ընթացքին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Սիրելի եղբայրակիցներ,
Մեծ ուրախութեամբ ձեզ կ’ողջունեմ Զմմառու պատմական Կաթողիկոսական Աթոռին յարկին տակ, Պայծառակերպութեան Տօնին հոգեւոր մթնոլորտէն ոգեւորուած, եւ բարի գալուստ կը մաղթեմ բոլորիդ, մանաւանդ անոնց որոնք հեռաւոր առաքելավայրերէն ժամանած են:
Կ’ուզեմ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի ձեր կատարած գնահատելի եւ նուիրական գործին համար, երբեմն դժուարին պայմաններով, այլազան երկիրներու եւ միջավայրերու մէջ՝ հովուական, կրթական, մշակութային եւ ազգային ասպարէզներէն ներս, մանաւանդ ձեր հոգածութեան համար հանդէպ չքաւորներուն եւ տառապեալներուն: Առանց սիրոյ, մեր առաքելութիւնը կը դառնայ լոկ ընկերային եւ մարդասիրական գործունէութիւն մը: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կ’ըսէ. «Առաքելութիւնը սրտին մէջ ծագում կ’առնէ: Երբ Խաչեցեալին առջեւ ծնկաչոք, մեր աչքերը սեւեռած խոցուած Յիսուսի կողին, չենք կրնար չ’ուրախանալ, որովհետեւ կը զգանք թէ որքան Աստուած մեզ կը սիրէ եւ չենք կրնար, մեր կարգին, չդառնալ Աստուծոյ գթութեան եւ հաշտութեան միջոցները եւ չքարոզել Քրիստոսը անոնց, որոնք տակաւին զինք չեն ճանչնար»: Յատուկէն կ’ուզեմ յիշել բոլոր անոնք, որոնք իրենց կամքէն անկախ պատճառներով, չկարողացան գալ այս վեցամեայ յոյժ կարեւոր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելու համար:
Գնահատանքի խօսք ունիմ աւարտող վարչութեան անդամ վարդապետներուն, գլխաւորութեամբ մեծաւոր Գերապայծառին, վերջին վեց տարիներուն ընթացքին իրենց կատարած հսկայական աշխատանքներուն համար, զանազան մարզերուն մէջ: Աստուած իրենց վարձահատոյց ըլլայ:
Ուրախ եմ նաեւ որ միասին երեքօրեայ ամփոփումի, աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան հոգեւոր կրթութիւն կատարեցինք: Վստահ եմ որ իւրաքանչիւր միաբան աղօթեց Զմմառու Միաբանութեան պայծառութեան եւ վսեմ առաքելութեան համար, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ ուխտակիցին համար:
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Կանոնագիրը, վաւերացուած Ս. Աթոռի կողմէ 1986ին, կը սահմանէ անոր բնոյթն ու նպատակը: Բ. յօդուածը կ’ըսէ. «Այս Միաբանութիւնը միսիոնար քահանաներու ընկերութիւն մըն է, նման կրօնաւորներուն»: Եւ Դ. յօդուածը կը նշէ «Միաբանութեան յատուկ նպատակները.
- Կաթողիկէ հաւատքը քարոզել հայազգի զաւակներուն:
- Քահանայական պաշտօնը կատարել ի սպաս Պատրիարքութեան, Միաբանութեան եւ առաքելավայրերուն:
- Միաբանական ընծայարանին մէջ ապագայ անդամներ պատրաստել եւ Պատրիարքին տրամադրութեան տակ միսիոնարներ դնել առաքելական ծառայութեան համար»:
Այս նպատակները իրագործելու համար, Գ. յօդուածը կը սահմանէ որ. «Անդամները յանձնառու կ’ըլլան Քրիստոսի հետեւելու՝ հնազանդութեան եւ ողջախոհութեան ուխտերով, աղքատութեան երդումով, եւ ներկայ Կանոնագրին պահպանումով՝ բոլորը կատարելով առաքելական ոգիի տրամադրելիութեամբ»:
Բոլոր Միաբանութիւնները հերթաբար վերարժեւորումի կը դնեն իրենց իրագործած առաքելութիւնները ստուգելու համար թէ որքանով միաբանները հաւատարիմ գտնուած են Միաբանութեան ոգիին եւ նպատակներուն, եւ վերաորակաւորումի նոր ուղղութիւններ կը մշակեն՝ աւելի արդիւնաւոր կերպով սահմանուած նպատակներուն հասնելու դիտումով:
Եղբայրակից միաբաններ, վեց տարի անցան վերջին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, եւ այսօր ձեզի վիճակուած է այս փափուկ եւ խիստ կարեւոր վերարժեւորումը կատարել Միաբանութեան մշակուած բոլոր ծրագիրներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ անոր նոր սլացք մը տալ, որպէսզի Միաբանութիւնը իր թարմութիւնն ու այժմէականութիւնը պահէ միշտ, իր նպատակներուն եւ հիմնադիրներուն ոգիին հաւատարիմ մնայ, անոր համար որ միաբան Հայրերը Ս. Հոգիէն աշխուժացած եւ վերանորոգուած՝ նոր եռանդով եւ նուիրումի հոգիով ուղղուին դէպի իրենց սահմանուած նոր առաքելութիւնները:
Քրիստոսէ զատ ոչ ոք կատարեալ է եւ ամէն օր սորվելիք ունինք Եկեղեցւոյ փորձառութենէն, բարի օրինակներէն եւ մանաւանդ մեր նախորդներուն ամբասիր, անձնուիրումի եւ անշահախնդիր կեանքէն: Մաղթանքս է որ կարենաք ուղիղ ախտաճանաչում կատարել եւ սրբագրուելիք սխալները մատնանշել՝ ամէն ինչ ընելով համբերութեամբ, եղբայրսիրութեամբ եւ անձնուրացութեան հոգիով, հեռու մարդկային հաշիւներէ եւ անձնական շահերէ: Եթէ համոզուած ենք որ Աստուածամայրը մեզ կը հովանաւորէ իր մայրական գուրգուրանքովը, շարունակե՛նք աղօթել մէկը միւսին համար, որպէսզի Ս. Հոգին մեզ ուղղէ եւ լուսաւորէ, եւ որպէսզի չդատապարտենք ու չվիրաւորենք մեր եղբայրակիցները ու իրարու հետ յարգանքով վարուինք, յիշելով Առաքեալին խօսքը. «Իրարու բեռները տարէք եւ այսպէս Քրիստոսի Օրէնքը կը գործադրէք» (Գաղ. 6,2):
Այս առիթով, ինծի հաճելի է մեր մեծ Հայրապետին՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիին Թուղթ Ընդհանրականին մէջէն քահանայական դասին ուղղուած հետեւեալ խօսքերը մէջբերել. «Այսուհետեւ մեր խօսքին կարգը պիտի դարձնենք քահանաներուդ դասին՝ ... Քրիստոսի սիրով կ’աղաչենք ամէնքդ, որպէսզի բանաք ձեր միտքին աչքերը, սթափիք այս կեանքի մահուան առաջնորդող թմրութենէն եւ ճանչնաք զօրութիւնը ձեր երկնային գործին, որ հրեշտակային գերաշխարհիկ զօրութիւններէն ալ գերիվեր է անոնց համար, որոնք անարատութեամբ եւ սրբութեամբ կը կատարեն զայն: Եւ քանի որ արժանի եղաք երկնային գործին նուիրելու ձեր անձերը, որեւէ պատճառով թոյլ մի՛ տաք որ արատ մտնէ ձեր պաշտօնին մէջ՝ Առաքեալի խրատին համեմատ» (Ա. Տիմոթ. 4, 12-16 եւ Բ. Տիմոթ. 4,2):
Հոս կ’ուզեմ երախտապարտութիւնս յայտնել բոլոր անոնց, որոնք, անցած տարիներուն ընթացքին, զանազան առիթներուն եւ դժուար պարագաներուն իրենց աղօթքով, խորհուրդներով եւ զօրակցութեամբ ինծի օգնած են: Իրապէս իրենցմէ շատ բան սորվեցայ եւ լայն փորձառութիւն շահեցայ: Իրենց վարձքը կատար:
Մեր հաւատարմութիւնը մեզի յանձնած պաշտօնին հանդէպ կարելի է պահել միայն երբ փոքր յանձնարարութիւններուն մէջ հաւատարիմ ըլլանք, առօրեայ հոլովոյթներուն մէջ: Հաւատարիմ պէտք է մնանք նախ աղօթքի եւ Աստուծոյ Խօսքին, հաւատարիմ՝ ծառայելու մեզի վստահուած ժողովուրդին, հաւատարիմ՝ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն: Մօտենա՛նք յաճախակիօրէն հաշտութեան եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդներուն, որոնք մեր հոգեւոր կեանքի հաւասարակշռութիւնը կը պահեն, մանաւանդ կեանքի դժուար պայմաններու ժամանակ:
Սիրելի եղբայրակիցներ՝ Եկեղեցին, հաւատացեալները եւ ընդհանրապէս հայազգի զաւակները, որոնց համար քարոզութիւնը մեր Միաբանութեան առաջին նպատակն է, պէտք ունին ձեր քահանայական մաքուր կենցաղին: Տարածուած թիւր գաղափարներու եւ սխալ վարդապետութիւններու դիմաց, մեր ժողովուրդը մեզմէ կը պահանջէ ամբասիր կեանքի վկայութիւն, որ անկեղծ կերպով պէտք է արտայայտէ Աստուծոյ սիրոյ գեղեցկութիւնը եւ արժէքը: Ս. Բենեդիկտոս կը խրախոսէր իր ժամանակակից քրիստոնեաները ըսելով. «Բնաւ բան մը մի՛ գերադասէք Քրիստոսի սիրոյն»: Որպէս նուիրեալներ եւ եկեղեցականներ, պարտինք առաւելաբար կատարել ինչ որ պահանջուած է սովորական հաւատացեալներէն: Մենք աշխարհին մէջ կ’ապրինք, բայց մեր միտքն ու սիրտը պէտք է ձգտին դէպի յաւիտենականութիւն:
Զմմառու Աստուածամայրը՝ նուիրեալ կեանքի տիպարը, թո՛ղ մեզի ընկերակցի մեր ուղեւորութեան մէջ եւ մեզի պաշտպան հանդիսանայ մեր կեանքի եւ առաքելութեան բոլոր պահերուն, որպէսզի դառնանք Քրիստոսի եւ մեր Սուրբ Հայրերուն ու նահատակներուն հարազատ շառաւիղները:
Աստուած ամէնքս օրհնէ, Ս. Կոյս Մարիամը մեզի բարեխօս ըլլայ:
Բացուած կը յայտարարեմ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը, որուն այս անգամ եւս, Ս. Աթոռի տնօրինումով, բոլոր միաբան Հայրերը հրաւիրուած են մասնակցելու եւ իրենց քուէն տալու: Յաջողութիւն: