Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014 - Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն Գահիրէի համալսարանէն ներս

 

Գահիրէի համալսարանի խորհուրդը, գլխաւորութեամբ տոքթոր Ժապէր Նասսարի, վերջերս որոշածէ հիմնել հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն մը համալսարանէն ներս, հայ մշակոյթին ու պատմութեան մասին հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար մշակութային յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ:

Այս մասին անդրադարձած է համալսարանի նախագահը՝տոքթոր Ժապէր Նասսար, նշելով թէ յիշեալ կեդրոնը պիտի հանդիսանայ սկզբնաւորութիւնը հայագիտական բաժնի մը ստեղծումին համալսարանէն ներս։ Ան նաեւ նշած է որ այս բաժինը պիտի հաստատուի Համալսարանի գրականութեան բաժանմունքին մէջ եւ անոր բացման հանդիսութեան պիտի հրաւիրուին Հայաստանի պետականան ձնաւորութիւններ, Եգիպտոսի մէջ Հ Հ դեսպանատաններ կայացուցիչները ու եգիպտահայ գաղութը:

Նշենք, որ Եգիպտոս Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցած առաջին երկիրներէն էր եւ 1992-ին ստորագրուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին մասին համաձայնագիրը: 1993-ի մայիսին՝բացումը կատարուեցաւ եգիպտական դեսպանատան Երեւանի մէջ, իսկ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումը կատարուեցաւ 1992-ին: Հայաստանին հետ Եգիպտոսի յարաբերութիւններուն եւ եգիպտահայ գաղութին պատմութիւնը շատ հին է եւ հարուստ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ