Պէյրութ, Լիբանան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ, Կիրակի՝ 16 Մարտ 2008ին նախագահեց Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս.Պատարագը, որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր՝ Ծաղկազարդի օրը, կը սկսինք Աւագ Շաբթուայ շրջանը, որ կը պսակուի Սուրբ Յարութեան արարողութեամբ:
Հասկնալու համար ինչ որ պատահեցաւ Ծաղկազարդի օրը Երուսաղէմ, լաւ է անդրադառնալ այն օրուայ պատմական դէպքերուն, որ լոյս կը սփռէն բոլոր ժամանակներուն վրայ:
Յիսուս կը մտնէ Սուրբ Քաղաքը հեծնելով իշու աւանակի վրայ: Յիսուս չի մտներ Երուսաղէմ թագաւորական կառքով աշխարհի մեծամեծերու նման, այլ կը մտնէ իշու վրայ՝ պարզ գիւղացիներու գրաստով: Սուրբ Յովհաննէս աւետարանիչը կÿըսէ թէ աշակերտները չհասկցան Յիսուսին ըրածները, բայց Յարութենէն ետք յիշեցին թէ Յիսուս կը կատարէր մարգարէութիւնները, որ իր մասին ըսուած էին: Յիշեցին Զաքարեայ մարգարէին խօսքը, որ կÿըսէ. «Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՜վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ... հեզ է եւ իշու վրայ հեծած» (Զաք. 9,9): Այս մարգարէութիւնը լաւ հասկնալու համար, եւ թէ ինչ՞ու համար Յիսուս այսքան խոնարհ ձեւով Երուսաղէմ մտաւ, հարկ է կարդալ Զաքարեային լման մէջբերումը, որ կÿըսէ. «Եփրեմէն կառքը եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ: Պատերազմի աղեղը պիտի կոտորի: Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ, անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով, գետէն մինչեւ երկրի ծայրերը պիտի ըլլայ» (Զաք. 9,10): Այս խօսքերով, Զաքարեայ մարգարէն երեք կարեւոր կէտեր կը մատնանշէ գալիք թագաւորին՝ Յիսուսի մասին:
Նախ՝ ան պիտի ըլլայ աղքատներու թագաւորը: Աղքատ բառը հոս կը բնորոշէ այն հաւատաւոր եւ խոնարհ անձերը, որոնց մասին կÿանդրադառնայ Յիսուս լերան քարոզին մէջ, երբ կÿըսէ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկնքի Արքայութիւնը» (Մտթ. 5,3): Բայց զգոյշ պէտք է ըլլանք: Անձ մը կրնայ նիւթապէս աղքատ ըլլալ, բայց անոր սիրտը լեցուն՝ հարստութեան փափաքով եւ այդ հարստութենէն սերած տիրապետութեան ոգիով: Այդ անձը կÿըլլայ սովորաբար նախանձոտ եւ դրամասէր եւ չի պատկանիր Աւետարանի աղքատներուն, այլ՝ իր սրտին մէջ կը պատկանի հարուստներու դասին: Այդ անձը կը փափաքի փոխել ինչքերու բաժանումը, որպէսզի ինք հարուստ դառնայ եւ ազդեցիկ մարդ: Յիսուսի հասկցուած աղքատութիւնը բոլորովին տարբեր է: Ատիկա կը նախատեսէ սրտի մաքրութիւնը եւ անջատումը դրամի տիրանալու տենչանքէն եւ իշխելու փափաքէն: Ուստի, հարցը պարզ ինչքերու բաժանում չէ, որ զուտ նիւթական է եւ որ սրտերը աւելի կարծր կը դարձնէ: Հոս՝ Յիսուս կը խօսի մաքուր սիրտի մասին, որով անձը կը նկատէ իր ունեցածը՝ պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն ուրիշներուն հանդէպ, անձը որ իր աչքերը Աստուծմէ չի հեռացներ եւ որ կÿառաջնորդուի Քրիստոսի օրինակէն, որ հարուստ ըլլալով հանդերձ մեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի մենք հարստանանք անոր աղքատութեամբ (տես Բ. Կորն.8,9), ինչպէս կը բացատրէ Սուրբ Պօղոս Առաքեալը նորադարձ Կորնթացիներուն: Մաքուր սիրտը նախապայման է յաղթելու փտութեան եւ ագահութեան, որ դժբախտաբար աշխարհի վրայ տիրապետած են: Կրնանք ունենալ սրտի այս տեսակ մաքրութիւնը միմիայն եթէ նկատենք որ մեր իսկական հարստութիւնը Աստուած է: Յիսուսէն խնդրե՛նք ուրեմն, սիրելիներ, որ մեզ առաջնորդէ այս շահեկան ուղիին վրայ, ինչպէս որ խոնարհութեան օրինակը մեզի տուաւ Ծաղկազարդին օրը:
Երկրորդ հերթին, Զաքարեայ մարգարէ մեզի կը նկարագրէ գալիք թագաւորը՝ որպէս խաղաղութեան թագաւոր: Ան պիտի ջնջէ պատերազմի կառքերը եւ ձիերը եւ պիտի աւետէ խաղաղութիւնը: Յիսուսի գալուստով, այս ամէնը իրագործուեցաւ Խաչին միջոցաւ: Նոր զէնքը, որ Յիսուս կը գործածէ եւ մեզի կը պատուիրէ՝ Խաչն է, որ է հաշտութեան ապահով միջոց եւ սիրոյ անժխտելի նշան, որ մահուընէն իսկ աւելի զօրաւոր է: Ամէն անգամ որ մենքզմեզ կը խաչակնքենք, պարտինք յիշել թէ անարդարութեան դէմ պիտի չհակադրենք անարդարութեամբ եւ բռնութեան դէմ՝ բռնութեամբ: Պարտինք յիշել նաեւ որ միայն բարիքով կրնանք յաղթել չարին: Սուրբ Պօղոս յստակ կերպով կÿանդրադառնայ այս հարցին շուրջ, երբ կը քարոզէ առաջին քրիստոնեաներուն, ըսելով. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, կերցու՛ր անոր, եթէ ծարաւի է, խմցու՛ր անոր: Մի՛ յաղթահարուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ. 12, 20-21): Իսկական քրիստոնեան ան է որ կը ջանայ ի գործ դնել այս աստուածային պատուէրը:
Երրորդ կարգին, Զաքարեայ մարգարէ կը ծանուցանէ նոր թագաւորին իշխանութեան ընդհանրականութիւնը, որ պիտի տարածուի «ծովէ ծով, գետէն մինչեւ երկրի ծայրերը»: Անոր թագաւորութիւնը պիտի պարփակէ ամբողջ աշխարհը, միութիւն հաստատելով ժողովուրդներու միջեւ եւ հիմնելով խաղաղութեան թագաւորութիւնը: Քրիստոս ամենուրեք է՝ աղքատիկ տուներուն ինչպէս հարուստ պալատներուն մէջ: Անոր հետեւորդները, ուր որ ալ ըլլան, իրեն հետ միացած ըլլալով, միացած են ինքնաբերաբար իրարու հետ, մէկ մարմին կազմելով՝ Քրիստոսի մարմինը: Ինչ՞պէս Քրիստոս մեզ կը միացնէ: Մեզ կը միացնէ դառնալով մեր հացը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, եւ մեր վրայ կը տիրապետէ ինքզինք նուիրելով մեզի համար: Այս ձեւով է որ Քրիստոս կը տարածէ խաղաղութեան թագաւորութիւնը :
Այս երեք յատկանիշները՝ աղքատութիւն, խաղաղութիւն եւ ընդհանրականութիւն համառօտուած են Խաչի նշանին մէջ: Ասոր համար, իրաւամբ Խաչը Երիտասարդներու Միջազգային Օրուան կեդրոնն է: Գիտէք որ քսան տարի առաջ, Աստուծոյ Ծառան՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Ծաղկազարդի Կիրակին որպէս յատուկ երիտասարդութեան օր նշանակած է: Այդ օրը, որ այսօր է, համայն աշխարհի երիտասարդները կÿընդառաջեն Քրիստոսի հրաւէրին, իրեն ընկերանալու իրենց քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ, որպէսզի Քրիստոս սփռէ խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ: Եթէ մենք ալ կը փափաքինք ընթանալ Յիսուսի հետ, իր գծած ճանապարհէն, պարտինք իրեն հարցնել՝ Յիսու՛ս ո՞ր ճամբէն կÿուզես մեզ առաջնորդել. ին՞չ կը սպասես մեզմէ:
Ատենօք կար եւ տակաւին այսօր կը հանդպինք քրիստոնեայ կրօնքին մերժումին՝ Խաչին պատճառով: Որովհետեւ Խաչը կը նշանակէ զոհողութիւն, ոմանք կÿըսեն թէ ան կեանքին դէմ է: Անոնք, երբեմն մենք ալ, կը փափաքինք կեանք մը ունենալ առանց զոհողութեան եւ առանց սահմանափակումի՝ ոչ օրէնքի եւ ոչ ալ արգիլումի: Կը փափաքինք ապրիլ ապրելու համար միայն, կÿուզենք հարստութիւն եւ պատիւ ունենալ: Ժամանակին, այս բաները կÿըսուէին, այսօր ոմանք նոյն սկզբունքներուն կը հետեւինք, նոյնիսկ եթէ զանոնք բարձրաձայն չեն արտայայտեր: Վերոյիշեալ գաղափարները հրապուրիչ են: Կը յիշեցնեն մեզի օձին խաբէութիւնը մեր նախահայրերուն՝ Մի՛ վախնաք, կերէ՛ք ազատօրէն պարտէզի բոլոր ծառերէն, պիտի չմեռնիք (տես Ծննդ. 3, 4-5): Մինչ Ծաղկազարդը մեզի հակառակը կÿըսէ՝ Խաչը իսկական կեանքի ծառն է: Բայց կեանքը չենք կրնար ունենալ, զայն միայն մեզի համար պահելով, այլ՝ զայն նուիրելով: Սիրել ըսել է ուրիշներուն համար նուիրուիլ: Ան է ճշմարիտ կեանքի ուղին, որուն անունն է Քրիստոսի Սուրբ Խաչը:
Յոյժ սիրելիներ, մեր աղօթքը բարձրացնե՛նք առ ամենաքաղցր Յիսուս, որպէսզի մեր սիրտը բանայ Ծաղկազարդի այս օրհնեալ օրը, անոր համար որ կարողանանք իրեն հետեւիլ եւ իր սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամաւորները դառնանք մեր սերունդին մէջ, մեր ընտանիքին մէջ, մեր եկեղեցիին մէջ, մեր ազգին համար. Ամէն: