Կենսագրական Գիծեր
Ծնած է Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին, հինգերրորդ զաւակն է խորապէս հաւատացեալ եւ ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու Գոլէճներուն մէջ:

Կանուխէն քահանայական կոչումը զգալով, ան ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Դպրեվանքը, եւ յաճախած է Գրիգորեան Համալսարանը փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու:

Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 15 Օգոստոս 1965-ին, ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպս. Պայեանի եւ ստանձնած է Գահիրէի ժողովրդապետութեան պատասխանատուութիւնը, օժանդակելով Գեր. Յովհաննէս Վրդ. Գասպարեանի, յետագային՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք:

1968-էն 1990, եղած է ժողովրդապետ Հելիոպոլսոյ «Գահիրէ»։ եկեղեցւոյ, յատկապէս քաջալերելով զանազան հոգեւոր շարժումներու գործունէութիւնը:

18 Փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամեն. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիաքին:

1992-էն 1997, իբր անդամ Եգիպտոսի կաթողիկէ Նուիրապետութեան, ան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօն վարած է Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուական խորհուրդին:

Իբր անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, ան եղած է յաջորդաբար՝
  • Անդամ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին՝ կառավարելու համար Պատրիարքական Ատեանը 1993-էն 1995:
  • Նախագահ Քահանայական Կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբին 1993-էն 1995:
  • Անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսի 1994-էն 1999:

Ընտրութիւն.
Հոկտեմբեր 7, 1999-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած է Ներսէս Պետրոս ժԹ. անունը: Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է նոյն ամսուան 24-ին: 13 Դեկտեմբեր 1999-ին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացած է Յովհաննսէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:

Ճամբորդութիւններ
Մասնակցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս «Փետրուար 2000», Յորդանան «Մարտ 2000», Սուրիա «Մայիս 2001» եւ Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001»:

Իր գահակալութենէն ի վեր, հովուական այցելութիւններ կատարած է հետեւեալ երկիրները՝ Յորդանան «Մարտ 2000», Ֆրանսա «Մայիս 2001», Շուետ «Մայիս 2001», Աւստրալիա «Յունիս 2001 – Մարտ 2004», Լեհաստան «Յունիս 2001», Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001 - Ապրիլ 2008», Ուքրանիա «Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2001», Պարսկաստան «Փետրուար 2003- Նոյեմբեր 2004», Քեսապ «Օգոստոս 2003», Եգիպտոս «Դեկտեմբեր 2003», Հալէպ- Սուրիա «Մայիս 2004», Երուսաղէմ «Սեպտեմբեր 2005», Լատին Ամերիկա «Հոկտեմբեր- Նոյեմբեր 2005» եւ Ղարաբաղ «Յուլիս 2006»:

Գլխաւոր գործեր
Ան թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Հարպոյեան վարժարանին մէջ: Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի ,Մասիս» ամսաթերթին:

Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ:

Փետրուար 2002-ին, Կաթողիկոս Պատրիարքը առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկովա՝ նոր առաքելութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ սկսուած առաքելութիւնները:

Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին:

Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը ,Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»:

Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Փետրուար 2008ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կը կատարէ եւ կÿօրհնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակը եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձր անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմի ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ