Հինգշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2010 - Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում


Պէյրութ


Շաբաթ
, 11 դեկտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պէյրութի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում սարկաւագ Ռոպէր Պատիշահի, ստանալով հայր Գրիգոր անունը։ Հայրապետական Պատարագը եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, սաղմոսներու ընթերցողութեամբ, ընծայացու Ռոպէր սարկ. Պատիշահը յառաջացաւ եւ բարձրացաւ սուրբ Խորան, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը, որմէ ետք հայրապետը ձեռնադրեալին ձախ ուսէն ուրարը առնելով դրաւ աջ ուսին վրայ, որպէս նշան Քրիստոսի քաղցր լուծին յանձնառարութեան։ «Որք արժանաւորեալք» շարականի երգեցողութեամբ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբի կողմէ, Հռոմի ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչ գերյ. Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան ուղղուեցաւ դէպի ձախ խորանը, թափօրով բերելու համար սուրբ Միւրոնի աղաւնին։

 


Ձեռնադրիչ
հայրապետը սրբազան սուրբ Միւրոնով օրհնեց, օծեց եւ սրբեց ձեռնադրեալին ճակատը, ինչպէս նաեւ աջ ու ձախ ափերը, ապա ձեռնադրուած նորօծ վարդապետը ժողովուրդին երից տուաւ իր անդրանիկ օրհնութիւնը (խաղաղութիւն ամէնեցուն

Արարողութեան աւարտին, ձեռնադրիչ հայրապետը յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ շնորհաւորեց Զմմառու կաթողիկոսական Արծիւեան միաբանութիւնը, նորօծ վարդապետին ծնողքը եւ համայն հայ կաթողիկէ Եկեղեցին։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Հոգեւոր տէրը, Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր հայրը, նորօծ վարդապետը եւ ընտանիքը ընդունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

 

 

 

Յաջորդ օրը՝ կիրակի 12 դեկտեմբեր 2010, նորօծ վարդապետը իր անդրանիկ Պատարագը մատոյց սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ։ Հայր Գրիգոր վարդապետը իր ծառայութիւնները պիտի մատուցանէ Զմմառու դպրեվանքէն ներս, որպէս փոխ-տեսուչ։

 

Այս առիթով, կայքէջի տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ նորօծ վարդապետը եւ անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն եւ ծառայութիւն ի սպաս հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ