Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012 - Մխիթարեան միաբանութիւնը կ'ընտրէ Եղիա Ծ.Վ. Քիլապեանը Ընդահանրական Աբբահայր

 

Վենետիկ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան միաբանութիւնը, 11-15 Ապրիլին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ հաւաքուած Ընդհանուր Ընտրական Ժողովի, Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանը վերընտրեց որպէս Ընդահանրական Աբբահայր:

Աբբահօր աջակից վարչական խորհուրդին մաս կը կազմեն.

Աթոռակալ  (Տեղապահ)՝  Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան
Վիեննայի Տեղական Աբբահայր՝  Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Գոջանեան
Ընդհանուր Խորհրդական՝  Հ. Սերոբ Չամուրլեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝  Հ. Համազասպ Քէշիշեան

Մատակարար եւ Գործակալ առ Գահուն Հռոմայ՝ Հ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Սերէնեան

Սրտանց կը մաղթենք, որ վերընտրուած Աբբահայրը իր վարչկաններուն հետ միասին, շարունակեն առաջնորդել Մխիթարի որդիները՝ Հայ Ազգի հոգեւոր օգուտին եւ լուսաւորութեան նուիրուած ծառայութեան լուսաշող ճանապարհէն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ