Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2011 - Կիթառի փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեանի պարգեւատրում Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ


Պէյրութ

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ին, Լիբանանի մօտ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլօ Կաֆօ, Սպանիոյ կառավարութեան անունով պարգեւատրեց «Isabelle-la-Catholique» կարգի շքանշանով, ազգային պետական երաժշտանոցի կիթառի փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեան, Սպանիոյ նկատմամբ իր կատարած ծառայութիւններուն համար:
Այս առթիւ, Սպանիոյ դեսպանը յայտնեց որ «Isabelle-la-Catholique» կարգի շքանշանը (ստեղծուած՝ 1815-ին) կը ստանան այն սպանացի կամ օտար անձնաւորութիւնները, որոնք բացառիկ ներդրում ունեցած են, քաջալերելով բարեկամութեան ու համագործակցութեան կապերը Սպանիոյ եւ միջազգային հանրութեան միջեւ: Ան աւելցուց, որ փրոֆէսոր՝ Ժոզէֆ Եղիա Իշխանեան, այս իւրայատկութիւնը ունեցաւ ապրելու եւ ներշնչուելու Սպանիոյ դասական կիթառի մեծ յօրինողներէն, շնորհիւ իր վճռականութեան ու սիրոյ կիթառին հանդէպ: Դեսպանը բարձր գնահատեց Իշխանեանի սէրը սպանական մշակոյթին հանդէպ, կիթառին բարձր արհեստավարժութիւնները ներկայացնելով  լիբանանեան հանրութեան 1970 թուականէն սկսեալ: 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ