Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2011 - Երիտասարդները եւ Հաղորդակցութիւնը թուային դարաշրջանի ընթացքին համագումար

 

Հռոմ

 

Հինգշաբթի
14 ապրիլին Հռոմի Regina Apostolorum - Թագուհի Առաքելոց քահանայապետական համալսարանի մէջ տեղի կ՛ունենայ համագումար ''Երիտասարդները եւ հաղորդակցութիւնը Տիճիդալ դարաշրջանի ընթացքին'' նիւթին մասին։ Այս համագումարի կէտնպատակն է ներկայացնել այսօրուայ ընկերային հաղորդակցութեան կարեւոր մէկ երեւոյթը` այն է երիտասարդներու հաղորդակցութիւնը թուային դարաշրջանին մէջ։ Համագումարը ներշնջուած է Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետի 2010 (13/11/10) նոյեմբերի քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի յղած պատգամէն, ուր նորին սրբութիւնը ըսած է «աշխարհի մը մէջ, ուր հաղորդակցութիւնը կարեւոր եւ տիրապետող դեր մը ունի, Եկեղեցին եւս չի կրնար անտարբեր մնալ եւ պէտք է ուշադրութեամբ եւ քննադատական մօտեցումով օգտագործէ արդի հաղորդակցութեան միջոցները»։

Համագումարի բացումը կը կատարէ սուրբ Աթոռի մօտ եգիպտոսի դեսպան Լամիա Ալի Մխմար վկացյութիւն տալով թէ ինչպէս Եգիպտացի երիտասարդները դիմեցին ընկեարային արդի հաղորդամիջոցներու իրենց ազատութեան եւ բարելաւ ապագայի կոչը ուղղելու։ Ապա վերլուծումներ պիտի կատարուին հոգեբանական գետնի վրայ եւ թէ ինչպէս հեռուստատեսիլի հաղորդումները կը համակերպին արդիական «լեզուի» եւ հանդիսատեսներու պահանջին։ Համագումարի ընթացքին նախարեսուած է նաեւ միջամտութիւն մը 2.0 ինթերնեթային արդի արտադրումի մասին` մասնկացութեամբ համացանցի Google սպասարկութեան Եւրոպայի մասնաճիւղի տնօրէն Գարլօ տազարօ Պիոնտօ։ Ելոյթ կ’ունենայ նաեւ Microsoft Իտալիոյ մասնաճիւղի Տնօրէն Լուգա Ասգանի։

Եզրափակիչ ելոյթը կ’ունենայ Ընկերային Հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի անդամ գերապայծառ Փօլ Թիկէ, որ պիտի մատնանշէ թէ ինչպէս այս արդի հաղորդակցութեան միջոցները կարիքը ունին կազմուած եւ գիտակից անձերու որ ապահովեն պատգամին հարազատութիւնը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ