Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2009 - «Կռունկ» Երգչախումբի Համերգ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Կառուցման 50-Ամեակին Առիթով

 
Պէյրութ, Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ կառուցման ոսկեայ յոբելեանին առիթով, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Կիրակի, 8 Փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ՝ կատարողութեամբ «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի:

«Կռունկ» երգչախումբը հիմնուած է 1992-ին՝ նախաձեռնութեամբ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ.Կաթողիկոս Պատրիարքի: 1997-1999 թուականներուն Արհի. Մանուէլ եպս. Պաթաքեան վերահսկած է երգչախումբի գործունէութեան, իսկ 2000 թուականէն ի վեր Ամեն. Հոգեւոր Տէրը սկսած է հովանաւորել երգչախումբի գործունէութիւնը: Առաջին օրէն երգչախումբի հոգեւոր վարիչը եղած է Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, իսկ գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարը՝ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան: Երգչախումբին նպատակն է ծառայել եկեղեցւոյ, հայ ազգին եւ Լիբանանին՝ բարձրորակ երգեցողութեամբ:

Երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք արաբերէնով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Եղիա վրդ. Եղիայեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար, որպէսզի միասնաբար նշուի եկեղեցւոյ 50-ամեակը:

Ան նկատել տուաւ, որ ինչպէս հիմնադիրները եկեղեցին պահպանած եւ յանձնած են իրենց յաջորդներուն, իրենք ալ իրենց կարգին եկեղեցին պիտի յանձնեն յաջորդ սերունդներուն: Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց «Կռունկ» երգչախումբի բոլոր անդամներուն եւ յայտնեց, որ անոնք եկեղեցւոյ 50-ամեակի տօնակատարութեան յաւելեալ փայլք մը տուին:

Այնուհետեւ «Կռունկ» երգչախումբը իր 28 անդամներով կատարեց Հայերէն, Արաբերէն, Անգլերէն, ֆրանսերէն, Ռուսերէն, Ուքրաներէն եւ Սպաներէն երգերու փունջ մը՝ երկու բաժիններով՝ արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

Աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը բեմ հրաւիրուեցաւ եւ երգչախումբի անդամներուն ու ղեկավարին յուշատախտակներ յանձնեց:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ «Պահպանիչ»ով:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ