Պէյրութ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,
Գերյարգելի, Գերապատիւ Վարդապետներ,
Արժանապատիւ Տէր Հայրեր,
Առաքինազարդ քոյրեր,
Բարեշնորհ Սարկաւագներ ու ժառանգաւորներ,
Մեծայարգ Պրն. Աշոտ Քոչարեան,
Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան
Պետական Նախարարներ, Երեսփոխաններ,
Ազգային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ,
Սիրելի Հաւատացեալ Հայորդիներ,
Անգամ մը եւս հաւաքուած ենք ոգեկոչելու 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Այսօր, կրկին անգամ հայութիւնը, Լիբանանէն մայր հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի, կու գայ իր ձայնը բարձրացնելու բոլորին դիմաց ու իր շարքերը միացուցած «Ո՛չ» կը բացագանչէ`
• Ո՛չ` անոր որ կ’ուրանայ ու կը ժխտէ պատմական ճշմարտութիւնները:
• Ոչ` անոր որ չուզէր ճանչնալ իր անցեալը:
• Ո՛չ` նաեւ այն բոլոր քայլերուն, որոնք կրնան թուլացնել մեր պահանջատիրութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ յիշատակի օրն է: Ասիկա կը նշանակէ թէ 97 տարիէ ի վեր ամէն տարի պահանջատէր հայ ժողովուրդը հաւաքուած է, սուրբ պատարագ մատուցած է, հանգուցեալ հոգիներուն հանգիստին համար աղօթած է, ցոյցեր կատարած է, դասախօսութիւններ կազմակերպած է, վիճաբանութիւններ ունեցած է...ա՛լ աւելի կազմակերպուելու սկսած է նամանաւանդ 50 տարիներէ ի վեր, եւ երթը կը շարունակուի այսօր դէպի 100 ամեակ:
Սակայն, թոյլ տուէք ինծի որ յետադարձ ակնարկ մը նետեմ, նախորդ սերունդներու հերոսական աշխատանքին վրայ որուն հիման վրայ է որ պէտք է ծրագրենք ապագայի աշխատանքային ուղիները:
Իրաւամբ, հերոսական էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին աշխատանքը, որով ամէնէն դժնդակ պայմաններու տակ, շրջանցելով ամէն տեսակ խոչընդոտ, հազարումէկ զրկանքներու գնով, տարագիր հայու խլեակները համախմբուեցան, կառուցեցին Հայ եկեղեցիներ, հայ վարժարաններ, հայկական ակումբներ, մշակոյթային կեդրոններ, հրատարակեցին թերթեր, ու հիմնեցին բարեսիրական, մշակոյթային միութիւններ: Մէկ խօսքով, ապահովեցին Ազգին վերականգնումը եւ ստեղծեցին անոր գոյատեւումին համար անհրաժեշտ պայմանները:
Այնպէս ըրին ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ սփիւռքի մէջ, մինչ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը` սովետական բռնապետութեան պայմաններուն տակ ապրելով հանդերձ, բազմատեսակ զրկանքներու գնով` մշակոյթային, գիտական եւ ընդհանրապէս ստեղծագործական նուաճումներ արձանագրեց:
Այսօր, ամենայն հպարտութեամբ փառք կու տանք մեր նախնեաց, որոնք հարթեցին մեր գոյապայքարի ճանապարհը:
Այսօր, այդ ճանապարհին վրայ կանգնած ենք մենք` նոր սերունդը որ այնքան
տարուած իր ամենօրեայ մտահոգութիւններով, մերթ իր մէջ կը բոցավառի պահանջատիրութեան կրակը, ու մերթ փախուստ տալով այս անմար կրակէն, դարձեալ ինքզինք կը մխրճէ ամենօրեայ կեանքի մտմտուքներուն մէջ: Ի՞նչ ապագայ ունինք հոս Լիբանանի մէջ, կ’ըսեն շատեր, իսկ ուրիշներ, իրենց յոռետես մտայնութեամբ կ’աւելցնեն, թէ ի՞նչ ապագայ կրնայ փոքրիկ հայութիւնը ունենայ ամբողջ միջին արեւելքի մէջ:
Պահ մը այսպէս կը մտածեմ, կը խոկամ, դէպի Քրիստոս կ’ուղղեմ իմ նայուածքս, եւ խաչին վրայ կը տեսնեմ Այն` որ խաղաղութիւն խոստացաւ մեզի, «իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» ըսաւ Ան, սակայն ոչ այս աշխարհիս վրայ այլ` յաւիտենականութեան մէջ, ուր ոչ լաց կայ եւ ոչ իսկ ակռաներու կրճտում: Խաչին վրայ տեսայ արիւնով մկրտուած Քրիստոսը որպէսզի կարենար ջախջախել թշնամի սատանան: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նման է այս իրականութեան, որովհետեւ զաւակներ ենք Քրիստոսի Աստուծոյ: Մեր պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք մեծ թագաւորութիւններ, ունեցած ենք սքանչելի հարստութիւններ, զինուորականներ` որոնք քաջաբար ինկած են պատերազմի դաշտերուն վրայ, մղած ենք հերոսամարտեր: Ունեցած ենք նաեւ ողբերգական պահեր, որոնց գագաթնակէտը կը հանդիսանայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը որուն նահատակներուն թիւը կը կարծենք թէ մէկ ու կէս միլիոն են, սակայն թոյլ տուէք ինծի որ ըսեմ թէ անոնց թիւը 2 միլիոնի հասած ըլլալու է: Պահ մը մտածենք թէ որքա՛ն հայութիւն կը բնակէր Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս: Զայն բնաջնջել ծրագրեց օսմանեան թուրք կառավարութիւնը, որովհետեւ վախցաւ հայութենէն, վախցաւ հայ երեսփոխաններէն, հայ քաղաքական միտքէն, ստեղծագործ տաղանդէն, շինարար բազուկէն:
Մեր նահատակները այսօր կը վայելեն երկնքի յաւիտենականութիւնը, անոնք` որոնք ինկան յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի, անոնք` որոնք չմերժեցին Քրիստոսն ու հայրենիքը ի շահ իրենց աշխարհային հանգիստ կեանքին: Այս իրականութեան օրինակը կը հանդիսանայ` մեր Զմմառու միաբան նահատակ` Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեան, Մարտինի քաջ առաջնորդը, որ իր կեանքը տուաւ իր հաւատացեալներուն հետ միասին իբրեւ բարի հովիւ: Այսպէս, ան արժանացաւ երանելիութեան աստիճանին:
Այսօր, սիրելի հայորդիներ, ցեղասպանութեան 98րդ յիշատակին եւ 100 տարիներու սեմին, ի՞նչ պահանջուած է մեզմէ որպէս փոքրիկ հասարակութիւն, Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ որպէս ամբողջական հայութիւն աշխարհի տարածքին:
Նախ, որպէս լիբանանահայութիւն, մենք որ սկիզբ տուած ենք հայկական պահանջատիրական շարժումներուն ի սփիւռս աշխարհի, այսօր, աւելի կազմակերպուելու ենք, ջանք խնայելու չենք, որպէսզի հայկական դատի հետապնդման գաղափարը միշտ կրակոտ մնայ բոլոր երիտասարդներուն մտքերուն մէջ, որպէսզի անոնք չմոռնան իրենց պատմութիւնը, եւ միասնականութեամբ գործեն, միասին շարունակեն պահանջել մեր իրաւունքները, հատուցում ու ամբողջական Հայաստան, եւ անոր կողքին ամբողջական հայութիւն, պայքարելով համաշխարհային բոլոր գաղափարախօսութիւններուն դէմ, որոնք կը ձուլեն մեր ազգը: Այսօր, եկէ՛ք միասին լսենք Տէր Զօրի անապատի հողին տակ անհանգիստ նահատակներուն նշխարհքներուն կանչը. անոնք մեզմէ կը պահանջեն տէր դառնալ իրենց երազներուն, հայ ազգի միասնականութեան, միասին կերտելու ապագան. թուրքը զանազանութիւն չդրաւ թիրախ դարձած հասարակոթւիններուն զոհերուն միջեւ. ուրեմն ուշադի՛ր հայ ազգի զաւակներ, այն ինչ որ թուրքը չի յաջողեցաւ իր եաթաղանով ընել, մենք մեր մարդկային տկարութեան պատճառով իրարու հանդէպ ատելութիւն ցանող հատիկներ չըլլանք: Անոնք չինկան որպէսզի հայութիւնը այսօր կտոր կտոր խումբերու բաժնուած ըլլայ արաբական աշխարհէն մինչեւ մայր Հայրենիք: Արաբ աշխարհի աշունն ու քայքայումը թող մեզ ալ չքանդէ: Հետեւաբար, հեռու մնանք օտարներուն հանդէպ կոյր վստահութիւն ունենալէն: ժամն է այլեւս որ Հայը ամէն բանէ առաջ վստահի իր հայ եղբօր: Հայը գործէ իր հայ եղբօր հետ: Հայը իր ազգային ու եկեղեցական շահերը գերադասէ ամէն տեսակ դրամական եւ անձնական շահերէ: Այն ինչ որ Աստուած մեզի պարգեւած է զայն օգտագործենք նաեւ մեր հասարակութեան բարիքին համար: Յարգանք ու պատիւ մեր մեծ ծնողներուն որոնք կարողացան մինչեւ այսօր կանգուն պահել հայ ընտանիքը հակառակ կեանքի ամենադաժան պայմաններուն: Աղքատութիւն, թշուառութիւն, պատերազմ եւ ուրիշ զանազան դժբախտութիւններ չկարողացան արմատախիլ ընել հայկական հասարակութիւններու հարստութիւնները մոռացութեան մատնելով հայկական արժէքները:
Այսօր, անգամ մը եւս հաւաքուած ենք որպէս մէ՛կ ազգ եւ մէ՛կ իրականութիւն, պատասխանատուներ, հաւատացեալ ժողովուրդ ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւն, աղօթք եւ խունկ բարձրացնելու առ Աստուած, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս յիշեցնելու ամբողջ աշխարհին, հզօրին եւ տկարին, թէ հայութիւնը կը շարունակէ իր դատին պաշտպանութեան գործընթացը միացած քայլերով, եւ երթը դէպի 100 ամեակ: Ամեակները մեր սրտերուն եւ մեր մտքերուն մէջ չեն կրնար ջնջել այն ինչ որ Օսմանեան պետութիւնը գործեց 1915 թուականին եւ կը շարունակէ մինչեւ այսօր իր ցեղասպան ձեռքերով վնաս հասցնել հայութեան` օգտագործելով Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմը: Եթէ անցեալ տարիներուն կը զգուշացնէինք մեր արաբ եղբայրակիցները, եւ անոնց կ’ըսէինք զգուշացէ՛ք, օսմանական մարդասպան գաղափարախօսութիւնը տակաւին թարմ է այսօրուայ թուրք պետականներուն մօտ, այսօր անոնց չենք կրնար խրատել քանի որ արդէն իսկ շա՜տ ուշ է: Տակաւին մի քանի շաբաթներ առաջ իմացանք թէ մի քանի հալէպահայեր իրենց կեանքը տուած են թրքական ուտեստեղէնի մէջ զետեղուած թոյնի պատճառաւ: Ըսէ՛ք ինծի, ո՞ր նահատակութեան ցանկերուն վրայ աւելցնենք անոնց անունները: Կողմնակի՞ց թէ ընդդիմադի՞ր, եւ կամ 1 ու կէս միլիոն առաւել Հրանդ Տինք, առաւել 98 ամեակի սեմին ինկած երիտասարդները: Ըսէ՛ք ինծի, սիրելիներ, մենք որպէս կղերականներ, ինչպէ՞ս մխիթարենք անոնց ծնողքն ու հարազատները, երբ մեր հաւատացեալ ժողովուրդէն շա՜տ շատեր չեն վարանիր համտեսելու թրքական արտադրութիւնը, եւ ուրիշներ իրենց վայելքը փնտռելու անոր ծովեզերեայ բնութեան մէջ: Չեմ հպարտանար անձագիրիս վրայ կրել թրքական արիւնոտ կնիքը եթէ ոչ իմ ժողովուրդիս ծառայելու նպատակով: Դուք ալ սիրելիներ, մի՛ հպարտանաք թրքական շքեղ հագուստներ հագնելով, ու անոնց թունաւոր քաղցրեղէններով զարդարել ձեր ճաշասեղանները: Այլ հպարտացէ՛ք ձեր հայկական անձնագրով, հպարտացէ՛ք Մայր Հայրենիքով` ազատ ու անկախ Հայաստանով, հայկական պետականութեամբ, հպարտացէ՛ք մեր պատմութեամբ, հպարտացէ՛ք մեր մշակոյթով, հպարտացէ՛ք մեր այսօրուայ իրականութեամբ իր դրական եւ ժխտական կողմերով հանդերձ:
Ի վերջոյ, նահատակներուն կանչը Տէր Զօրի անապատներէն, թող ամէն օր հնչէ մեր ականջներուն մէջ, հայեր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր, արար աշխարհ հայ դատը պէտք ունի մէկ ձայնի` արդար հատուցում:
Ուստի, ուխտենք քալել դէպի յաղթանակ, դէպի մայր հայրենիք, դէպի Արցախ, որպէսզի միասնաբար զետեղենք ընդմիշտ հայկական դրօշը` կարմիր կապոյտն ու նարնջագոյնը Մասիսի գագաթին:
Վերջապէս, թոյլ տուէք սիրելիներ, սրտաբուխ աղօթքով մը փակեմ իմ խօսքս: Թո՛յլ տուէք ինծի, այսօր, մէկ անգամ բարձրաձայն աղօթք մը կատարեմ այնպէս` ինչպէս ամէն օր սրտիս անդունդներէն անձայն, սակայն արցունքոտ աչքերով կը բացագանչեմ առ Աստուած:
Տո՛ւր Ազգիս սէր միութիւն, ով Տէր, որպէսզի ամբողջ աշխարհին քու սիրոյդ թարգմանը ըլլանք, եւ միացած ըլլանք այսօր եւ միշտ: Քու քայլերուդ հետեւելով կարենանք հասնիլ հայկական գարնան, իր արեւելեան եւ արեւմտեան բեւեռներով: Տէր, կը հայցե՛նք քեզմէ, որ ամուր պահես Հայ Եկեղեցին իր զանազան յարանուանութիւններով, ամո՛ւր պահես մեր կուսակցութիւնները, ամո՛ւր պահես հայ ընտանիքն ու հայ կրթօճախը: Տէ՛ր, աւելցուր մեր մէջ եղբայրսիրութեան հոգին, որպէսզի մաքուր սրտով ընդունինք նաեւ ան` որ չի բաժներ մեր բոլոր գաղափարները: Հակառակ մեր զանազանութիւններուն, մեր մարկային անիմաստ տկարութիւններուն, քալե՛նք միասին դէպի արդար հատուցում: Զօրացո՛ւր մեր բոլոր պատասխանատուներուն կամքը, որպէսզի միացած քայլերով ու շարքերով շարունակեն ընթանալ դէպի երկու հազար ամեակներ քրիստոնէական հաւատքին ընդունման, դէպի հազար եօթը հարիւր ամեակներ մեր մեսրոպաշունչ այբուբէնի, հզօր պետականութեամբ, հզօր մշակոյթով ու հայաշունչ հայորդիներով:
Քրիստոս իմ, ուսդ կրած խաչդ է որ կեանք կու տայ մեր բոլոր յուշակոթողներուն, տո՛ւր որ մենք ալ, այս դժուարին պայմաններուն ընդմէջէն, կարենանք կրել այս խաչը, եւ անոր ճանապարհէն անցնելով, կարենանք հասնիլ ու վայելել մեր ալ ազգին յարութեան արդար հատուցման:
Շնորհակալութիւն:
Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան
24-Ապրիլ-2013
Աշրաֆիէ: