Երկուշաբթի, 8 Փետրուար 2010 - Տէր Աւետիք Յովհաննէսեանի քահանայական ձեռնադրութիւն

 

Պէյրութ, Լիբանան

Շաբաթ, 6 փետրուար 2010-ին,  սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ  հայր Աւետիք Յովհաննէսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի:

Այս առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց ժողովուրդին եւ նորօծ քահանային հետեւեալ հայրապետական պատգամը:

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք
Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ եւ Արժանապատիւ քահանաներ
Յարգոյապատիւ սարկաւագներ
Առաքինազարդ քոյրեր
Պատուարժան հաւատացեալներ
եւ յատուկէն խօսքս քեզի՝ Տէր Աւետիք,

Մեծ ուրախութիւն է պատրիարքական թեմէն ներս ունենալ նոր առաքեալ մը՝ յանձին Տէր Աւետիք Յովհաննէսեանի: Ասիկա փաստ մըն է որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեր աղօթքները կը լսէ եւ կը հոգայ իր Եկեղեցին, յարուցանելով անոր մէջէն նորանոր կոչումներ սուրբ Աւետարանը քարոզելու համար:
Քահանայական կոչումը անձնական փափաք մը ըլլալէ աւելի՝ աստուածային կոչ մըն է, որով Աստուած կ՛ընտրէ ան որ կ՛ուզէ, շարունակելու համար Յիսուս Քրիստոսի փրկչական վսեմ ծրագիրը: Յստակ է Յիսուսին խօսքը առաքեալներուն. «Դուք չէք որ զիս ընտրեցիք, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէսզի երթաք եւ պտուղ տաք, եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի» (Յովհ. 15, 16): Այս Քահանայական Տարուայ ընթացքին որքան յուզիչ է լսել Յիսուսին խօսքը որ կը կոչէ նորանոր առաքեալներ:
Մեր եկեղեցւոյ Հայրապետները լաւ ըմբռնեցին եւ քարոզեցին Յիսուսին այս խօսքը: Այսպէս, իր «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ, սուրբ Ներսէս Շնորհալի մեծ Հայրապետը խօսքը կ՛ուղղէ քահանաներուն ըսելով. «Այս ալ իմացէ՛ք, ձեր քահանայութեան անուանակոչումը մարդոցմէ չէ, ոչ ալ մարդու միջոցաւ, այլ՝ անկէ որ կոչուեցաւ Քահանայ: Ան ձեզի տուաւ իր անուան կոչումը, միաժամանակ ձեզի յանձնարարեց իր գործը, որ է հովուել իր ժողովուրդը՝ միշտ բարի գործեր սորվեցնել եւ բարի օրինակ հանդիսանալ բոլորին»:
Սուրբ Պօղոս այսպէս կը հասկնայ քահանայական կոչումը. «Մարդիկ թող մեզ այսպէս համարին, որպէս Քրիստոսի սպասաւորներ եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն մատակարարներ» (Ա. Կորն. 4,1): Ուստի, քահանան նախ եւ առաջ Քրիստոսի սպասաւոր է, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր պաշտօնին վսեմութիւնը, որ պէտք է թրթռացնէ ամէն քահանային սիրտը արդար հպարտութեամբ: Սպասաւորը կ՛ընէ ինչ որ իր տէրը իրեն կը պատուիրէ: Արդ, Յիսուս պատուիրեց իր առաքեալներուն ըսելով. «Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ» (Յովհ. 20,21 ): Այս խօսքը կը նշէ թէ առաքեալին կ՛իյնայ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակել: Մեզի համար, այս խօսքը կը նշանակէ շարունակել ինչ որ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկսաւ, իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոսի սպասաւոր, սուրբ Աւետարանը քարոզել Հայ Ժողովուրդին, այսինքն յստակ կերպով մեր հաւատացեալներուն ուսուցանել ճշմարիտ եւ ուղիղ վարդապետութիւնը: Այսօրուայ ժամանակներուն, երբ հաւատքը մարելու վտանգին մէջ է բազմաթիւ միջավայրերուն մէջ, քահանային առաջնահերթ գործը պիտի ըլլայ ամէն միջոցով Յիսուսին սէրը մարդոց ճանչցնել, այսինքն մարդիկը մօտեցնել Յիսուսին:
Քահանան աշխարհի վրայ կը ներկայացնէ Յիսուս: Ան կ՛ըլլայ տեսանելի պատկերը Յիսուսի անտեսանելի ներկայութեան: Օր մը, մէկ քանի աստուածավախ հեթանոսներ դիմեցին Փիլիպպոս առաքեալին ըսելով. «Տէ՛ր, կը փափաքինք Յիսուս տեսնել» (Յովհ 12,21): Այս նոյն խնդրանքը, քիչ թէ շատ, իր սրտին մէջ ունի ան որ կը դիմէ քահանային:
Յիսուս իր առաքեալները բարեկամ կոչեց, երբ ըսաւ. «Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի $իտեր թէ ինչ կ՛ընէ իր տէրը, այլ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ յայտնեցի ձեզի ինչ որ Հօրմէն լսեցի» (Յովհ 15,5): Ուստի, քահանան ոչ միայն Քրիստոսի սպասաւորն է, այլ նաեւ անոր բարեկամը: Սուրբ Մարկոս կ՛ըսէ. «Յիսուս տասներկու հոգի ընտրեց, որպէսզի իր հետը կենան եւ զանոնք քարոզելու ղրկէ» (Մկ 3,14-15): Ասոնք են Յիսուսի բարեկամին երկու կարեւոր յատկանիշները՝ իրեն հետ կենալ՝ աղօթքով, աւելի խոր կերպով հասկնալու համար Յիսուսին կամքը, եւ զայն քարոզել մարդոց, այսինքն Յիսուսէն սորվիլ եւ ժողովուրդին փոխանցել:
Քահանային համար յուզիչ է մտածել, որ Յիսուս զինք բարեկամ կը կոչէ: Երբ սուրբ Պօղոս կը խօսի Յիսուսի սիրոյն մասին, յուզումով կ՛արտայայտուի, կ՛ըսէ. «Ո՞վ պիտի բաժնէ մեզ Քրիստոսի սէրէն» (Հռոմ 8,35): Երբ քահանայ մը Աստուծոյ սիրոյն եւ կամ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասին յուզումով կը խօսի, աւելի համոզիչ կը դառնայ լսողներուն, քան երբ երկարաբան պատճառաբանութիւններ ընէ:
Քահանան աղօթքի մարդ պէտք է ըլլայ, այսինքն պարտի նախ Յիսուսին դիմել որեւէ գործ մը կատարելէ առաջ, որպէսզի այդ գործը կատարուի Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ միայն անոր փառքին համար: Ով որ իր օրը աղօթքով կը սկսի եւ Աստուծոյ հետ ամփոփումի ժամանակ կ՛անցնէ, նախապատուութիւններ կը դնէ իր գործերուն մէջ, եւ կ՛անդրադառնայ որ կարգ մը անհրաժեշտ համարուած գործեր այնքան ալ կարեւոր չեն, եւ ժամանակ կը խնայէ: Այս ուղղութեամբ, սուրբ Պետրոս կը հաստատէ որոնք են առաքեալին առաջնահերթ գործերը, կ՛ըսէ. «Իսկ մենք կը նուիրուինք աղօթքի եւ Խօսքի ծառայութեան» (Գործք 6,4): Կարեւոր է սուրբ Պետրոսին այս ցուցմունքը, որովհետեւ շատ անգամ քահանան ենթարկուած կ՛ըլլայ զոհելու աղօթքը եւ Աստուծոյ Խօսքը անվերջ ծառայութիւններ կատարելու համար: Քահանան պարտի աղօթքի մարդ ըլլալ, որպէսզի ըլլայ Աստուծոյ մարդ, ըլլալու համար տիպար օրինակ մը իր հաւատացեալներուն համար:
Քահանային կարեւորագոյն մտահոգութիւններէն մին պիտի ըլլայ կոչումներուն հարցը, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին հովուական կարիքները շատ են, մինչ քահանաները քիչ են: Կոչումներու մտահոգութիւնը կը հայի նաեւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան եւ յատուկէն ձեզի՝ հոս ներկաներուդ: Յաճախ աղօթեցէ՛ք կոչումներուն համար եւ զանոնք քաջալերեցէք, Յիսուսի պատուէրը կատարելու համար, որ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար» (Մտթ 9,38):
Եթէ սրբութիւնը ամէն քրիստոնեայի կոչումն է, ան յատուկ կերպով քահանային կոչումը պիտի ըլլայ, որպէսզի հաւատացեալները իր բարի կենցաղը տեսնելով, ուրախ սրտով իրեն հետեւին, ինչպէս Արսի ժողովուրդը հետեւեցաւ իր սրբակեաց ժողովրդապետին: Յիսուս ըսաւ. «Դուք ուրեմն կատարեալ եղէ՛ք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը» (Մտթ 5,48): Եւ քանի որ Յիսուս մեզմէ անկարելի բան չի խնդրեր, Ինք պիտի կատարէ մեր սրբութիւնը, պիտի սրբացնէ բոլոր անոնք որ իրեն կ՛ապաւինին, ինչպէս ըրաւ սուրբերուն հետ, որ մեզ կանխեցին երկինք: Քրիստոնեայ իմաստասէր մը ըսաւ. «Աշխարհի վրայ մէկ տխրութիւն մը կայ՝ ան ալ սուրբ չըլլալն է:
Վերջապէս, ձեզմէ կը խնդրեմ, սիրելիներ, որ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշէք ձեր առաջնորդները եւ զօրաւիգ կանգնիք ձեր հոգեւոր հովիւներուն, եւ յատուկէն Տէր Աւետիքին, որպէսզի արդիւնաւէտ առաքելութիւն կատարեն՝ Յիսուսի սրտին համաձայն:
Տէր Աւետի՛ք, թող մեր սուրբերը, երանելիները եւ նահատակները քեզ հովանաւորեն եւ քեզի համար բարեխօս ըլլան Աստուծոյ առջեւ եւ քեզ սրբութեան առաջնորդեն. Ամէն:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ