Պէյրութ
19 ապրիլ 2005-ին, Հաւատքի վարդապետութեան խորհուրդի նախագահ կարդինալ Ժոզէֆ Ռազինկէր ընտրուեցաւ որպէս 265-րդ քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի գահին, յաջորդելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին, որ վախճանեցաւ 2 ապրիլ 2005-ին։
24 ապրիլ 2005-ին, տեղի ունեցաւ նորընտիր Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ մեծ թիւով միջազգային, պետական, հոգեւոր եւ հասարակական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ պատուիրակութիւններու, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողքին։
13 մայիս 2005-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեկնարկեց իր նախորդին՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երանացման դատը։ Մայիս 2011-ին, Սրբազան Քահանայապետը կը նախագահէ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երանացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, մասնակցութեամբ աւելի քան 1 միլիոն հաւատացեալներու։
Հոկտեմբեր 2005-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Սուրբ Հաղորդութեան նուիրուած եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը, քննարկելու համար մասնաւորապէս կոչումներու պակասութեան հրատապ հարցը եւ աշխարհականներու համախոհական հաղորդութիւնը։
5-26 հոկտեմբեր 2008-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց «Աստուծոյ Խօսքը Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ» խորագրով եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը Վատիկանի մէջ։
12 մարտ 2009-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. աշխարհի յղեց բոլոր եպիսկոպոսներուն եկեղեցական հաղորդութենէն զրկումին վերաբերող պատգամը, որուն մէջ կը ճանչնայ զանազան պատահած թերութիւնները եկեղեցական կեանքէն ներս (մարտ 2010-ին, իրլանտացի կաթողիկէներուն յղած պատգամին մէջ, ան կը ճանչնայ Եկեղեցւոյ թերութիւնը բարոյական հարցերուն գծով)։ Նոյն տարուան 20 հոկտեմբերին, կը ստեղծէ կանոնական կառոյցը, ընդունելու համար կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ անկլիգան հաւատացեալները, որոնք կը մերժեն իրենց տեղական եկեղեցւոյ բարենորոգումները։
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, բազմաթիւ առաքելական պատգամներուն կողքին մշակած է չորս յետ-սիւնհոդոսեան յորդորագիրներ՝ «Sacramentum Caritatis» յորդորագիրը, Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մասին համաժողովի աւարտին (փետրուար 2007)։ «Verbum Domini» յորդորագիրը, որ կ՚անդրադառնայ Աստուծոյ Խօսքին առաջնահերթութեան մասին Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ (սեպտեմբեր 2010)։ «Africae Munus» յորդորագիրը, որ յատկացուած էր Ափրիկէի Եկեղեցւոյ ի սպաս համերաշխութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան այդ ցամաքամասին մէջ (նոյեմբեր 2011)։ «Ecclesia in Medio Oriente» յորդորագիրը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ վկայութեան առաքելութեան համար (սեպտեմբեր 2012)։
24 յունիս 2010-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. ստեղծեց Նոր Աւետարանացման համար քահանայապետական խորհուրդը, որ պատրաստեց Նոր Աւետարանացման համար համաժողովը, 7-էն 24 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Այս շրջագիծին մէջ նաեւ Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց Հաւատքի Տարին (11 հոկտեմբեր 2012- 24 նոյեմբեր 2013), վերակենդանացնելու համար քրիստոնէական հաւատքը, գործածելով ժամանակակից արդիական միջոցները ի սպաս Աստուծոյ Խօսքին հռչակումին աշխարհի տարածքին։
Բենեդիկտոս ԺԶ. իր առաջին քահանայապետական շրջաբերականը՝ «Աստուած Սէր է» ("Deus caritas est") հրատարակեց 25 դեկտեմբեր 2005-ին. երկրորդ շրջաբերականը՝ «Յոյսով փրկուեցանք» ("Spe Salvi"), 2 նոյեմբեր 2007-ին եւ երրորդը՝ «Սէրը Ճշմարտութեան մէջ», 29 յունիս 2009-ին։ Նոյեմբեր 2012-ին, Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց «Յիսուս Նազովրեցի» եռամաս գրքին վերջին մասը (առաջին մասը հրատարակած էր ապրիլ 2007-ին, իսկ երկրորդ մասը՝ մարտ 2011-ին), որ ամբողջութեամբ կ՚անդրադառնայ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան մասին։
7 յուլիս 2007-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. յղեց «Motu Proprio Summorum Pontificum» առաքելական պատգամը, որ կը յորդորէ կատարել սուրբ Պատարագի հանդիսութիւնը Սուրբ Պիոս Ե.-ի պատարագամատոյցին համաձայն։
Նոյեմբեր 2010-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. կը հրատարակէ «Աշխարհին Լոյսը» խորագրով գիրքը։
Քահանայապետական շրջանին, Բենեդիկտոս ԺԶ. 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարած է Հռոմէն դուրս (Եւրոպա, Լատին Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա, Միջին Արեւելք եւ Միացեալ Նահանգներ)։
Առաջին ճամբորդութիւնը կատարեց դէպի Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքը, երիտասարդներու 20-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, օգոստոս 2005-ին։ Իսկ վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը կատարեց դէպի Լիբանան, անցեալ սեպտեմբեր 2012-ին։ Ինչպէս նաեւ ան կատարած է 30 առաքելական այցելութիւններ Իտալիոյ մէջ։
Բենեդիկտոս ԺԶ. մասնակցեցաւ 3 երիտասարդական համաշխարհային օրերու՝ Քէօլն - Գերմանիա (2005), Սիտնէյ - Աւստրալիա (2008) եւ Մատրիտ - Սպանիա (2011)։
Միջ-եկեղեցական մակարդակի վրայ, Բենեդիկտոս ԺԶ. համամիութենական կապերը ամրապնդեց ուղղափառ, անկլիգան եւ այլ Եկեղեցիներու հետ։ Գործակցութեան կապերը զարգացուց արեւելեան Եկեղեցիներու հետ, մանաւանդ 2006-ին երբ այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Կոստանդուպոլսոյ Բարթողիմէոս Ա. ուղղափառ պատրիարքին հետ։
Իսկ միջ-կրօնական մակարդակի վրայ, Սրբազան Քահանայապետը կրկնապատկեց երկխօսութեան ջանքերը եւ զանազան հանդիպումներ ունեցաւ հրեայ, իսլամ եւ այլ կրօնապետերու հետ։ Այս առընչութեամբ, տեղի ունեցաւ առաջին կաթողիկէ-իսլամ հանդիպումը նախագահութեամբ Սրբազան Քահանայապետին, եւ որուն ընթացքին մասնակցողները դատապարտեցին ահաբեկչութիւնը եւ համաձայն գտնուեցան հաստատելու կրօնական ազատութիւնը իսլամ երկիրներուն մէջ։
Միջազգային մակարդակի վրայ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը իր բոլոր նստաշրջանին ընթացքին կոչեր ուղղեց համամարդկային համերաշխութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար, խաղաղ եւ արդար լուծումներ յառաջացնելով աշխարհի ընդհանուր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ կենսոլորտային խնդիրներուն։
Յատուկ պատրաստուած՝
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կայքէջին կողմէ