Պէյրութ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մեկնի Հռոմ 6 ապրիլ 2015-ին երեկոյեան, մասնակցելու համար Սրբազան Քահանայապետին 12 ապրիլի մատուցանելիք սուրբ Պատարագին, Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ: 9 ապրիլին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին հետ: Այս հանդիպումին պիտի մասնակցին նաեւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը:
Այս ճամբորդութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ որպէս գաւազանակիր պիտի ընկերանայ գերապատիւ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան:
23 մարտ 2015
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի