Կիրակի, 1 Մարտ 2009 - Վարդանանց Տօնակատարութիւն Դամասկոսի ՄԷջ

Դամասկոս, Սուրիա

 
Կազմակերպութեամբ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան, Կիրակի 22 Փետրուար 2009-ի երեկոյեան, Հ. Կ. Ամինեան սրահին մէջ
 
արժանավայել կերպով նշուեցաւ  Սրբոց Վարդանանց Տօնը:

Ներկաները կը գլխաւորէր հանդիսութեան հովանաւոր՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը: Ներկայ էին  Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Գերապատիւ վարդապետներ հայր Մովսէս վրդ.  Տօնանեան եւ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Արշակ Փոլատեան ու դեսպանատան լրիւ անձնակազմը, Արժանապատիւ Տէր Աբգար Գահքէճեան, Առաքինազարդ քոյրեր, օրուայ բանախօս, Հ.Կ. պաշտօնաթերթ «Մասիս»-ի   պատասխանատու տնօրէն-խմբագիր Պրն. Սարգիս Նաճարեան, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան, դամասկահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ազգայիններ:

 
Հանդէսը սկսաւ վարկեան մը յոտընկայս յարգելով նահատակներու ու մանաւանդ Ղազզէյի մէջ ինկած անմեղ զոհերու  յիշատակը եւ ունկնդրելով Սուրիոյ ազգային օրհներգը: Բացման խօսքը  կատարեց Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, հաստատելով այս ազգային տօնի մեծ արժէքը ու
 
Վարդանի պատգամի անժամանցելիութիւնը: Այնուհետեւ գործի դրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Ելոյթ ունեցան Անարատ Յղութեան քոյրերու Ծաղկանց վարժարանի փոքրիկները որոնք ներկայացուցին Քաջ Վարդանի նուիրուած խմբային արտասանութիւն մը , ապա Հ.Կ.Մ.ի պատանիներն ու ջահակիրները մեծ խանդավառութեամբ կատարեցին 3 խմբերգ «Վարդան», «Գետաշէն» եւ «Գարնանային քայլերգ» խմբավարութեամբ Սիլվա Տէր Մեսրոպեանի: Պատանի Ժանէթա Պուրունսուզեանը  յաջողութեամբ դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի օրորոցայինը «Գայիանէ» պալեյէն: Ջահակիրներ Նորայր Տէր Պետրոսեան ու Արազ Պուրունսուզեան խոր ապրումով ասմունքեցին Հայոց լեզուի ու Վարդան Մամիկոնեանի նուիրուած արտասանութիւններ: Հ.Կ.Մ-.ի պատանիներու նորակազմ նուագախումբը որուն մաս կը կազմեն Սթիւ Գոմուրեան, Ժան Թումա , Սարօ Սուվալեան  եւ Ֆրանսուա Իսքենտէրեան, ճաշակով կատարեցին Կոմիտասեան մեղեդիներու համադրում մը: Այնուհետեւ ներկաները առիթ ունեցան դիտելու համակարգչային պատրաստութեամբ Վարդանանց հերոսներու նուիրուած պատկերներու ցուցադրութիւն մը, պատրաստութեամբ Պերճ Տէր Սարգիսեանի, որու ընթացքին ընթերցուեցաւ Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն բաժիններ, զոր մեզի հաղորդած է Եղիշէ պատմիչը: Ի վերջոյ ներկայացուեցաւ կարճ տեսահոլովակ Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած  այն գեղարուեստական Ֆիլմի մասին, զոր Հոլիուտի մէջ կ՝աշխատի պատրաստել բեմադրիչ Րոճեր Գիւբելեանը:
Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.ի ատենապետ Պրն. Սարգիս Քէշիշեանը ներկայացուց օրուայ բանախօս, Պէյրութէն մասնաւոր ժամանած խմբագիր Պրն. Սարգիս Նաճարեանը, տալով անոր ամփոփ կենսագրականը եւ բեմ հրաւիրելով զինքը փոխանցելու իր պատգամը :

 
Պրն. Նաճարեան զուգահեռներ գծեց Աւարայրի հերոսամարտի եւ Կազայի հերոսամարտի միջեւ, նշելով թէ անպայման ազգերու մէջ ի յայտ կուգան «Սրբազան խենթեր» որոնց սխրագործութիւնը իր ճակատագրական ազդեցութիւնը կ’ունենայ ազգերու պատմութեան մէջ: Ան Աւարայրի մէջ կատարուածը որակեց հրաշք ուր մահը վերածուեցաւ յաղթանակի:«Այդ հրաշքի փաստը մենք ենք այսօր, մեր  ազատ ու անկախ հայրենիքը իր եռագոյն դրօշով, մեր եկեղեցին ու բազմամիլիոն հայութիւնը» հաստատեց ան: Պրն. Նաճարեան վստահեցուց թէ չկայ հայ մը այսօր որ չի գիտեր վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը, բայց մենք որպէս հայութիւն չենք կրցած այդ ճակատամարտի պատմական դասերէն օ•տուիլ, մեր գիտակցութիւնը եղած է մակերեսային: Պէտք է հաստատեց Պրն. Նաճարեան նորագոյն սերունդներուն փոխանցել Վարդանանց ոգին ու պատգամը: Այսօր աւելի քան երբեք Հայ ազգը պէտք ունի միասնակութեան, ըսաւ ան, դիմագրաւելու ամէն դժուարութիւն ու այդ միասնակութեան շաղախը պէտք է հանդիսանայ հայրենի պետութիւնը, կամրջելով աշխարհացրիւ հայութիւնը, ինչպէս վարդանանց ըրած էին դարեր առաջ: «Անոնք մեռան որպէսզի մենք ապրինք, իսկ մենք Վարդանանց գաղափարախօսութեամբ զօրացած պէտք է շրջենք մեռնելով ապրելու ճակատագիրը եւ բոցաշունչ բանաստեղծին հետ կրկնենք դարեր շարունակ: Արա գեղեցիկէն մինչեւ Ավարայր ու Սարդարապատ մենք մեռնելով ենք յաղթել: հաւատում եմ որ կարելի է եւ պէտք է այսուհետեւ յաղթել ապրելով:»


Հանդէսի աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Քնար» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի, կատարելով 4 խմբերգներ: Հնչեցին Կոմիտաս վարդապետի մշակումով՝ Վարդանի երգը «Հիմի էլ լռենք», Վահան Պէտելեանի « Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան»ը, Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեամբ «Առաւօտեան Երեւան» եւ «Հազարաթեւ Հայաստան» երգերը: Երգչախումբի կատարումը յաջող էր ու ներկաները ջերմ ծափերով գնահատեցին երգիչները: Վերջապէս Գերապայառ տէրը իմաստալից խօսքով մը հանդէս եկաւ,  վեր առնելով Վարդանանց մեզի կտակած պատգամը, հաւաքական ու միասնական ըլլալու, պահելու մեր ինքնութիւնը որպէս Հայ Քրիստոնեաներ: Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ  անգամ մը եւս Պրն. Սարգիս Նաճարեանը Գերապայծառ տիրոջ ձեռամբ ստանալու Հ.Կ.Մ.-ի վարչութեան այս առթիւ պատրաստած յուշանուէրը: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Մայր Հայաստանի օրհներգով: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ