Պէյրութ
Երէկ առաւօտ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն այցելեց հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ արհի. հայր վարդան եպս Աշգարեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումը հրաժեշտի այցելութիւն էր. գերապայծառը երկար տարիներ այս գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական աշխատանքները աւարտելէ ետք կը մեկնի Վիեննա, այնտեղ եւս, մխիթարեան միաբանութեան ուխտին հետ շարունակելու համար հայ գիրի ու գրականութեան նուիրուած աշխատանքը: