Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015 - 100 ամեակի հսկումի երեկոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի յուշակոթողին առջեւ

 

 

Պէյրութ

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հովանաւորութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարիլիցին նուիրուած Ապրիլեան հսկում մը տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշակոթողին շուրջ, Ժեիթաուի, երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններու եւ նախարարներու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Արամ Գարատաղլեան եւ Ռուբինա Թովմասեան: Անոնք ըսին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին կը յիշենք հայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքը եւ մանաւանդ 100 տարուան լռութիւնը, որ առիթ դարձաւ այլ ցեղասպանութիւններու իրագործման: Անոնք հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ անցեալի գաղթական հայը, որ հազիւ կրնար իր ցաւը ամոքել, այսօր արդէն դարձած է հաստատ ու ինքնավստահ Լիբանանի քաղաքացի, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան ու խորհրդարանին` Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ անցեալին տարագիր հայութիւնը ընդունելու համար:  Անոնք միաժամանակ կոչ ուղղեցին կառավարութեան, որ ապրիլ 24-ը հռչակէ սուգի օր պետութեան տարածքին:

Անոնք ըսին, որ պահանջատիրութիւնը ոչ միայն արդարութեան եւ իրաւունքի, այլեւ աշխարհի տարածքին խաղաղութեան հաստատման եւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն դէմ պայքարի համար է:

Խօսք առաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշել ֆարաոն: Ան ըսաւ, որ ներկայ ենք այստեղ ոչ  թէ անցեալին պատահած դէպք մը նշելու, այլ  տակաւին ապրող ու կենդանի պատմական իրադարձութիւն մը ոգեկոչելու,  որովհետեւ անիկա տակաւին դատապարտուած չէ:

Ան յայտնեց, որ մարդկութիւնը պարտաւոր է դատապարտել բռնութիւնները, որպէսզի մարդ խաղաղ ապրի: Իսկ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է ընդունիլ ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այդ ձեւով խաղաղութեան եւ համաձայնութեան նոր էջ բացուի երկու ժողովուրդներուն միջեւ:

ֆարաոն անդրադարձաւ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ Եւրոպական խորհրդարանի մօտեցումին, ապա` Մեծ եղեռնէն առաջ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դերակատարութեան` Լիբանան հայրենիքի կերտման գործին մէջ:

Ան ըսաւ, որ հայերը իրենց կուսակցութիւններով ու եկեղեցիներով անբաժան մէկ մասնիկն են Լիբանանի հասարակութեան, անոնք ունին իրենց դերակատարութիւնը երկրի բարգաւաճման աշխատանքին մէջ պահելով` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, միաժամանակ տէր ու պաշտպան ըլլալով Լիբանանին:

Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ արդարութիւնը կ'ապրի, երբ անոր ետին կանգնած է պահանջատէրը: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման առիթով` իբրեւ պետութիւն եւ խորհրդարան, կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին` մաղթելով Հայ դատի յաղթական աւարտ», յայտնեց Ֆարաոն:

 

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը նորագոյն պատմութեան ամէնէն վայրագ ոճրագործութիւնն էր հայ ժողովուրդին նկատմամբ` օսմանեան թուրքերուն կողմէ գործադրուած, ապա անդրադարձաւ, որ նոյն ոճրագործը նաեւ սովի մատնելով սպաննած է Լեռնալիբանանի բնակչութեան մեծ տոկոսը: Նախարարը հաստատեց, որ պատմական այս իրադարձութիւնները վիճելի չեն ու քննարկման առարկայ չեն կրնար ըլլալ, ապա աւելցուց, որ անցեալի ողբերգութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին շրջակայ պետութիւններուն մէջ, ինչպէս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլուր:

Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ցաւոտ յիշատակը 100 տարիէ ի վեր վառ պահելը դարձաւ Հայ դատի առանցքը, որ կը նպատակադրէ ճանչնալ իրականութիւնը եւ պահանջել օրինական իրաւունքները:

Նախարարը եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ կը բաժնեկցինք հայ ժողովուրդին ցաւը, միաժամանակ կը կանգնինք հայութեան կողքին, կը միանանք անոր` յանուն Հայ դատի արդար լուծման ու Լիբանանի հզօրացման:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան Գառնիկ Փանոսեան` երգով ու նուագով, Սագօ եւ Մարինէ Հալլաճեաններ` նուագով, ապա ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի` ներկայացնելով փունջ մը երգեր:

Ուշագրաւ էր Փասքալ Սաքրի մասնակցութիւնը ձեռնարկին` Շարլ Ազնաւուրի «Իլ սոն Թոմպէ» երգով:

Նշենք, որ հսկումին ընթացքին ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ. մէկը` Միշել Մաայքիի «Եթէ Արարատը խօսի», իսկ միւսը` ՀԿՀՄ-ի պատրաստած «Հայ կաթողիկէ համայնքը սփիւռքի պատմութեան մէջ» խորագիրով:

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց հայ երիտասարդութեան` հայ ազգին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար: Ան ըսաւ. «Տպաւորուած Ազգին ու Եկեղեցւոյ հանդէպ ձեր ցուցաբերած նախանձախնդրութենէն, որուն մէկ վկայութիւնն է այս Հսկումը, խօսքս կ'ուղղեմ յատկապէս ձեզի, նո՛ր սերնդականներ։ 

Գոհութիւն եւ փառք կու տամ Աստուծոյ որ Հայուն գոյութիւնը պատմութիւն դարձնելու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ամէնէն գազանաբարոյ միջոցներով ծրագրուած ու գործադրուած փորձէն  100 տարի ետք, մենք ունինք սերունդ մը որ կը յիշէ ու կը պահանջէ:

Համոզուած ենք որ հայկական Պետութեան աջակցութեամբ եւ ձեր ժամանակակից գիտելիքներով պիտի շարունակէք ո՛չ միայն յիշել, այլ աշխարհին յիշեցնել Հայոց գողգոթան, այնպէս ինչպէս ըրաւ եւ միջազգային հասարակութեան յորդորեց ընել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որուն հետ համապատարագեցինք  անցեալ կիրակի, 12 ապրիլին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի,  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն ներկայութեան։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ մատուցուած այս սուրբ Պատարագի ընթացքին սրբազան Պապին  արտասանած քարոզը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ դատապարտելու կոչ մըն էր ուղղուած միջազգային հասարակութեան։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհին յիշեցնել կը նշանակէ պահանջել  անոր դատապարտումը եւ համապատասխան հատուցումը զոհին, վերականգնումը Հայոց բռնախլուած իրաւունքներուն։

Դուք՝ սիրելի երիտասարդներ, մեր նահատակներէն ձեր ժառանգած  հաւատքով եւ յոյսով ուշ կամ կանուխ  պիտի տեսնէք  ձեր պայքարին պսակումը յաղթանակով, որ պիտի  ըլլայ յաղթանակը աստուածաշնորհ Արդարութեան։

Համոզուած ենք որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը   մեկնարկը պիտի ըլլայ ձեր պահանջատիրական պայքարին եւ զայն յարաճուն թափով շարունակելու ձեր յանձնառութեան։

Այս կերպով դուք ձեզ արժանի պիտի դարձնէք Մեծ Եղեռնի սուրբ նահատակներուն արժանաւոր ժառանգորդներու կոչումին, Ազգին ու Եկեղեցւոյ անվերապահ գնահատանքին եւ Աստուծոյ օրհնութեան»:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ  աղօթքով եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ փակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման հսկումի պաշտօնական ձեռնարկը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ