Երեքշաբթի, 1 Մայիս 2007 - Իտալական Եպիսկոպոսաց Ժողովի Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Զմմառու Վանքին Մէջ

Լիբանան

Երեքշաբթի, 1 Մայիս 2007-ին, Զմմառու մայրավանքը այցելեց Արհիապատիւ Լուիճի Արքեպիսկոպոս Պրէսան՝ Առաջնորդ իտալական Դրենդօ քաղաքին, եւ Նախագահ՝ Ազգերու Աւետարանացման Իտալիոյ Եպիսկոպոսական յանձնախումբին: Անոր շրջապտոյտին գլխաւոր նպատակն է մօտէն ծանօթանալ Լիբանանի քրիստոնեաներուն վիճակին եւ կարիքներուն յատկապէս, ինչպէս նաեւ կապ մը ստեղծել լիբանանցի քրիստոնեայ երիտասարդներուն եւ անոնց երիտասարդներուն միջեւ: Ան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը եւ խումբ մը երիտասարդներու, մէկ շաբթուայ մը ընթացքին այցելեց Լիբանանի զանազան եկեղեցիները եւ Լիբանանեան պատմական վայրեր:

Իտալիոյ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի ներկայացուցիչ այս պատուիրակութիւնը եզրափակեց իր շրջապտոյտը այցելելով Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքը: Անոնք ընդունուեցան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Ընդունելութեան մաս կազմեցին Վանքի Մեծաւոր Հայր` Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Եղիայեանն ու վանաբնակ հայրերը, Զալքայէն ժամանած Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանն ու Պրն. Սարգիս Նաճարեանը, ինչպէս նաեւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանիի ու Ս. Միքայէլի ընծայարաններու երեց ու կրտսեր ժառանգաւորները: Պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Թրէնթոյի Արքեպիսկոպոս Արհիապատիւ Լուիճի Պրէսանի, կը բաղկանար նաեւ զանազան քահանաներէ, որոնց կարգին կը նշենք  Mons. Guiseppe Pellegrini, Don Valerio Bersano, Mons. Giampietro Fasani, Mons. Bruno Stenco, Dott. Vittorio Sozzi:

Անոնք ընդունուեցան նախ վանքին դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյրը, եւ պատուիրակութիւնը իր նուէրը ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ: Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի ընծայարանի ճաշարանը մասնակցելու բարեկամական ագապին: Ճաշի ընթացքին անոնք զրոյց մը ունեցան Հոգեւոր Տիրոջ հետ ու ծանօթացան աւելի մօտէն Լիբանանահայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Վանքի Մեծաւոր Հայրը, իր բարի գալուստի մաղթանքէն ետք յուշանուէրներ բաժնեց բոլոր ներկաներուն: Իսկ Լուիճի Արքեպիսկոպոս Պրէսսան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց մաղթելով բոլորին յաջողութիւն ու յարատեւութիւն : Ճաշէն ետք հիւրերը այցելեցին վանքի զանազան մասերը ինչպէս նաեւ թանգարանները :

 

 

 

 

 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ