Հինգշաբթի, 7 Օգոստոս 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Այցը Հայաստան եւ Վրաստան
 
Ուրբաթ 25 Յուլիս 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Հայաստան եւ ապա Վրաստան:
 


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան գերպ. Հայր Ռա‎Ֆայէլ Թ.Ծ.Վ.Մինասեան, գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ.Կռանեան եւ Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան:

Շաբաթ 26 Յուլիսին, Անենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց Տաշիրի հայ քոյրերու կեդրոնը, որուն սրահները տրամադրուած են Քարիդասի, որ իր կարգին ստանցնած է կարիքաւոր տարեցներու հոգատարութիւնը: Այս կեդրոնին մէջ կայ նաեւ տիկնանց Մարաշի ասեղնագործութեան աշխատանոց մը: Հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցելէ ետք, Հոգեւոր Տէրը մեկնեցաւ Սպիտակ ուր կը գտնուի Մայր Թերեզայի Քոյրերու Կեդրոնը:

Կիրակի 27 Յուլիսին, Հոգեւոր Տէրը հիւրը եղաւ Ամենայն Հայոց ՆՍՕՏՏ Գարգեին Բ. կաթողիկոսին, որմէ ետք մեկնեցաւ Ծաղկաձոր եւ այնտեղ կատարեց Ս. Աստուածածնայ մատրան օծումը: Այս արարողութեան ներկայ եղան Ռուսաստանի, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի դեսպաններն ու հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր եւ քոյրեր:

 
Երկուշաբթի 28 Յուլիսին, Հոգեւոր Տիրոջ այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեանը, ինչպէս նաեւ նոյն օրը Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցաւ
 
Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Ժիարային հետ, որմէ ետք տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Հայաստանի Հիւսիսը գտնուող Աշոցք գիւղը եւ այցելեց «Փրկչին Մայրը» անունով հիւանդանոցը կարուցուած երկրաշարժէն ետք Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայպետին կողմէ: Հոգեւոր տիրոջ կ՛նկերակցէր առաջնորդ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Արհի. Հայր Նշան Արք. Գարաքէհէեանը:

Ապա Հոգեւոր Տէրը անցաւ Վրաստան, եւ այցելեց նորակազմ Ժնատովական գիւղի նորակարոյց Ս. Սարգիս եկեղեցին: Ս. Պատարագ մատուցեց Հեշտիա գիւղի հայ քոյրերու կեդրոնին մէջ: Այցելութիւններ տուաւ Թորիա եւ Ուջմանա գիւղերը ինչպէս նաեւ այցելեց արուեստագէտ՝ Վիքթոր Յովսէփեանի տուն թանգարանը: Հոգեւոր տէրը այցելեց նաեւ Բաւրա եւ Կարդիկամ գիւղերու ժողովրդապետութիւնները:

Չորեքշաբթի 30 Յուլիսին, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Ղուլկումօյի 150 ամեայ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ այցելեց Ալաստանի եկեղեցին եւ ապա Տուրցքի Սալեզեան քոյրերու մանուկներու կեդրոնին մէջ մատուցեց Ս. Պատարագ: Գիշերելէ ետք Տուրցքի մէջ, Հինգշաբթի 31 Յուլիսին, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Ախալցխայի Ծղալդբիլա գիւղի 120ամեայ եկեցեցին եւ մատուցեց Ս. Պատարագ: Այցելեց նաեւ Ցինուբանի 100 ամեայ եկեղեցին ուր դարձեալ մատուցեց Հայրապետական Ս.Պատարագ: Ապա այցելեց Նոխրէպ եւ Աբաթխէվի գիւղերը եւ վերջապէս վերադարձաւ գիշերելու Աշոցք:

 

Ուրբաթ1 Օգոստոս 2008ին, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Քանաքեռ եւ Կիւմրիի թերաճներու կեդրոնը Քարիդասի հովանաւորութեան տակ: Նոյն օրը  ան հանդիպում ունեցաւ Սփիւռքի հետ կապերու պետական կոմիտէի նախագահ՝ Հրանուշ Յակոբեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին կոմիտէի նախագահը Հո•եւոր Տիրոջ ներկայացուց հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման տեսլականը: Մտքեր փոխանակուած են սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներու, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայոց լեզու եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան դասագիրքերու վերահրատարակման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ համահայկական մարդահամարի կազմակերպման գործին Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ օգնութեան մասին:

Հոգեւոր Տիրոջ այս վերջին այցելութիւնը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետը այցելեց Վրաստանի 14 գիւղերը եւ արժանացաւ ժողովրդային ու պաշտօնական ամենաջերմ ընդունելութեան: Այս մէկը մեծ մխիթարանք էր Վրացական մեկուսացած գիւղերու եւ դժուար ու նախնական պայմաններու տակ ապրող հայ ժողովուրդին համար:

Շաբաթ, 2 Օգոստոս 2008ին, Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը Զմմառ: 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ