Հռոմ
Յառաջիկայ 29 ապրիլէն մինչեւ 3 մայիս, քահանայապետական Ընկերային Գիտութեանց Ակադեմիան Հռոմի մէջ կը գումարէ իր 17-րդ համագումարը «Տիեզերական Իրաւունքներ բազմազան աշխարհի մը մէջ։ Կրօնի ազատութեան հարցը» խորագրով։
Ընկերային Գիտութեանց Ակադեմիոյ համագումարի ընթացքին ներկայացումներ պիտի կատարուին «Կրօնի ազատութեան» թեմայի գործընթացքին` ըլլայ կրօնական, ըլլայ քաղաքական միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրուի «կրօնի ազատութեան» իմաստը եւ անոր կապը այլ ազատութիւններու հետ վերաբերող նիւթը։
Ժողովականները պիտի քննարկեն կրօնի ազատութեան հետ կապուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմագրաւումը, ինչպէս նաեւ կապը կրօնի ազատութեան եւ քաղաքական իշխանութիւններուն միջեւ։
Համագումարի եզրափակիչ նիստին պիտի ներկայացուի ընդհանուր ակնարկ մը կրօնի ազատութեան մշակոյթի մասին եւ մանաւանդ այս ուղղութեամբ դաստիարակութեան եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու կարեւոր դերին` իրագործելու նպատակով միջկրօնական եւ խաղաղ յարաբերութիւններ։