Կիրակի, 8 Ապրիլ 2012 - Միքայէլ եպս. Մուրատեանի պատգամը Յարութեան տօնին առթիւ

 

 

Մոնթրէալ

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեանի պատգամը Յարութեան տօնին առթիւ:

 

 

 

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,

 

Քրիստոս յարեա՛ւ ի մեռելոց...

 

«Քրիստոս մեր Զատիկը» (1 Կորն 5, 7) յարեա՛ւ ի մեռելոց: Այս հրճուագին աւետիսը, որ Եկեղեցին մեծասքանչ ու հրաշալի ուրախութեամբ կը հռչակէ աշխարհի չորս ծագերուն, կարողութիւնն ունի հիմնովին յեղաշրջելու մեր կեանքն ամբողջութեամբ: Պարզապէս պէտք է ընդունինք զայն եւ ապրինք: Պէտք է դիտենք մեր կեանքին դէպքերն ու հանգրուանները այն յոյսով, որ կը ծնի հաւատալով նոր կեանքին զոր մեզի կը պարգեւէ Յարուցեալ Տէրը:
«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար», եթէ չհաւատանք որ կեանքը կը յաղթէ մահուան, մեր հաւատքը ընդունայն պիտի ըլլարե եւ մեր յոյսը ապարդիւն, կ'ըսէ Պօղոս առաքեալը (1
Կորն 15, 14-17):
Հաւատքը ստոյգ դաւանանք մըն է: Մենք կը հաւատանք այն դէպքին
, որ պատահեցաւ երկու հազար տարի առաջ եւ որուն ականատես վկաները՝ առաքեալները պատմեցին մեզի. «Ես նախ աւետեցի ձեզի ինչ որ ես ընդուներ էի, այսինքն, թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար, թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ, ըստ Գիրքերուն, երեւցաւ Կեփասին եւ ապա Տասներկուքին: Յետոյ երեւցաւ միանգամայն աւելի քան հինգ հարիւր եղբայրներուն,...ապա երեւցաւ Յակոբի եւ բոլոր առաքեալներուն: Ի վերջոյ, իբրեւ նուաստ մէկուն՝ երեւցաւ նաեւ ինծի« (1
Կորն 15, 3-8):
Մենք կը հաւատանք առաքեալներուն խօսքին որովհետեւ անոնք, ի գին իրենց կեանքին՝ վկայեցին իրենց հաւատարմութիւնը Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին: Եւ այս հաւատքով է
, որ մենք կը յառաջդիմենք մեր կեանքին մէջ, հաւատք մը, զոր դարերէ ի վեր եւ մինչեւ օրս կը կիսենք բիւր բիւրաւոր եղբայրներու ու քոյրերու հետ համայն աշխարհի մէջ, «Նազովրեցի Յիսուսը յարութիւն առաւ, ինչպէս որ ըսեր էր» (Մատթ 28, 6): Այս է բարի աւանդը, որ կը պահենք եւ կը հռչակենք օգնականութեամբ ս
ուրբ Հոգիին, որ կը բնակի մեր մէջ (2 Տիմ 1, 14):
Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը յաղթեց մահուան՝ մեզի հանդէպ իր ունեցած անհուն սիրով: Յիսուս Քրիստոսի անունով է
, որ գործեցին առաքեալները եւ այսօր՝ Եկեղեցին կը շարունակէ գործել: Առանց Յիսուսի յարութեան, ամէն վիշտ, ամէն ցաւ, ամէն աղէտ որ կը պատահի՝ կ'ըլլայ եւ կը մնայ որպէս նշան մահուան: Իսկ Յիսուսի յաղթական յարութեամբ ամէն բան կրնայ վերածուիլ կենաց յոյսի: Յիսուս Քրիստոսի անունով է, որ սուրբ Պետրոս օգնեց ի ծնէ կաղին. «Արծաթ եւ ոսկի չունիմ, ըսաւ անոր առաքեալը, բայց կու տամ քեզի ինչ որ ունիմ, յանուն Նազովրեցի Յիսուսին ոտքի ե՛լ եւ քալէ՛ ... ան վեր ցատկեց, սկսաւ քալել, վազվզել եւ Աստուած օրհնել»
(Գործ 3, 6):
«Ոտքի ե՛լ», ելլել, յառնել՝ հոմանիշ բայն է յարութիւն առնելու: Երբ մենք կ'ընդունինք, որ Քրիստոսի յարութիւնը ըլլայ նաեւ մեր յարութիւնը, այն ատեն Ինք մեզ վեր կը հանէ, մեզ կը բարձրացնէ եւ մեզի քալելու կարողութիւնը կու տայ: Ան հիմնովին կը վերանորոգէ մեր էութիւնը: Ան կը վերափոխէ մեզ եւ ատակ կը դարձնէ նոր կեանքի մը, նոր յոյսի մը: Յոյս մը, որ կը ծնի Յարուցեալ Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն եւ հաւատացեալին համար կը դառնայ «նոր զանգուածը խմորող կտոր մը խմորը» (1 Կորն 5, 6-7): Նոր արարածը, նոր մարդը արդիւնքն է Քրիստոսի յարութեան հաւատքին, որովհետեւ «Քրիստոս ... մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց ...»
: Եթէ մենք կ'ապրինք յարուցեալ Քրիստոսով ուրեմն նոր արարած ենք:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Եկէ՛ք միանանք յարուցեալ Տիրոջ եւ իրեն հետ յառնենք, ոտքի ելլենք ու քալենք: Իր սիրով տոչորուած՝ աջակցինք ճոխացնելու եւ աճեցնելու կեանքն ու յոյսը մեր հասարակութեան ու Եկեղեցւոյ մէջ: Այժմու ժամանակները, որ կ'ապրինք ամենախաղաղ ու անդորր ժամանակները չեն Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ, բայց յարուցեալ Յիսուսը կը պարգեւէ մեզի քաջութիւնը դէպի յառաջ երթալու: Որովհետեւ յարութեան հասնելու համար պէտք է Գողգոթան բարձրանանք: Եւ եթէ Ինք՝ Յիսուս ընտրեց այս ճամբան, որպէս փրկութեան ուղի, ուրեմն մենք ալ պէտք է հետեւինք մեր վարդապետին ճանապարհին՝ հաւատքի ուժով, լիայոյս սրտով եւ սիրոյ զօրութեամբ:
Ի խորոց սրտի բոլորիդ կը մաղթեմ նոր կեանքի յոյսով լեցուն խաղաղ եւ անդորր սուրբ Զատիկ:

 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Միքայէլ Եպս.
Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ