Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2011 - Պլպուլ երգչախումբի Ծննդեան համերգ‏ Զմմառու մէջ


Զմմառ

Չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2011-ին, Զմմառու վանքին Մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ առաջին անգամ ըլլալով «Պլպուլ» երգչախումբի Սուրբ Ծննդեան հիասքանչ համերգը: Մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիրը ճոխ էր Սուրբ Ծննդեան ամենագեղեցիկ երգերով, զանազան լեզուներով: Մեներգ եւ բազմաձայն խմբերգ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ Մաէսթրօ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին, զոր ունկնդիրներէն խելայեղ ծափողջոյններ խլեց:
Բացման խօսքը կատարեց Տէր Մաշտոցը, հայերէն և արաբերէն: Պրն. Մանուէլն ալ սրտի խօսք ուղղեց ներկաներուն ըսելով. « Այս փոքրիկներու երգչախումբէն արդէն սերունդներ անցան, որովհետեւ հիմնուած է 1984-ին «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, գերպծ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի օրով, երբ ան հովիւն էր: Փակման խօսքը ուղղեց Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերյ. հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը: Համերգէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ տօնական հիւրասիւրութիւն բոլոր հիւրերուն, իսկ փոքրիկներուն համաթամ ընթրիք մը պատրաստուած էր, ուր անկնկալօրէն Կաղանդ պապուկը ժամանեց ու անոնց իր նուէրներով ուրախացուց:



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ