Ուրբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2010 - Հայ կաթողիկէ մամուլի ներկայացուցիչները կը մասնակցին լրագրողներու համահայկական 5-րդ համաժողովին

 

 Պէյրութ-Ստեփանակերտ

 

Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչ պրն. Սարգիս Նաճարեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ, «Հայ մանկավարժ» հանդէսի խմբագիր պրն. Վարդան Թաշճեան 14 Հոկտեմբեր 2010-ին, Պէյրութէն համացանցային հաղորդակցութեան միջոցով մասնակցեցան Հայ լրագրողներու համահայկական 5-րդ խորհրդաժողովին, որ կ’ընթանար Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ` հրաւէրովը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան:

Խօսք ուղղելով 26 տարբեր երկիրներէ եկած համաժողովի մօտ 200 մասնակիցներուն, ուղղակի պատկերասփռումի ճամբով պրն. Թաշճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայ կաթողիկէ մամուլի ընտանիքին մաս կազմող լրատուամիջոցները, գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան աննախադէպօրէն արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու  զարգացման գետնին վրայ, յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի գործերուն եւ կարեւորեց Հայաստանի հետ ամուր կապերու պահպանումը` հայկական Սփիւռքի ապագայ գոյութեան համար:

Պրն. Նաճարեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք տեղեկատուութեան փոխանակաման եւ տարածման մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելու հրամայականին,  գլխաւորաբար անհրաժեշտ համարելով, որ հայաստանեան լրատուական միջոցները սփիւռքեան իրադարձութիւններուն տան նոյնքան կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն, ինչքան սփիւռքեան լրատուամիջոցները կու տան հայրենի կեանքի իրադարձութիւններուն:

Համաժողովի նիստը նախագահող, Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կաթողիկէ մամուլի ներկայացուցիչներուն` համաժողովին իրենց մասնակցութեան համար եւ վերահաստատեց իր ղեկավարած նախարարութեան յանձնառութիւնը` շարունակելու գործակցութիւնը սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն հետ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ