Չորեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2010 - Իտալիոյ ընթացաւարտ դեսպանը կ՛այցելէ հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան 

 

Չորեքշաբթի
, 29 սեպտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 10-ին, Իտալիոյ ընթացաւարտ դեսպան Կապրիէլ Գէգիա այցելեց հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր հանդիպեցաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ։

 

Հանդիպման ընթացքին, դեսպան Կապրիէլ Գէգիա նշեց, որ իր չորս տարիներու Լիբանան կեցութեան ընթացքին միշտ փորձեց կամուրջներ ստեղծել Իտալիոյ պետութեան եւ Լիբանանի զանազան հասարակութիւններուն միջեւ, ըլլան իսլամ, սակայն մանաւանդ քրիստոնեայ։ Այս գծով Գէգիա ըսաւ, որ Իտալիոյ համար մեծ կարեւորութիւն ունի քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ան համոզուած է թէ քրիստոնեաները կարեւոր օղակն են իսլամ տարբեր հոսանքներու հետ համակեցման համար։ Ան աւելցուց, որ իր օրերուն նիւթական մեծ նպաստ բերած է զանազան վայրերու մէջ, գործնականապէս օգտաշատ ծրագիրներ իրականացնելու համար։

Հոգեւոր տէրը իր կարգին զինք հրաւիրեց մասնակցելու Յիսուսի պատանքին նուիրուած աղօթքին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիպման աւարտին, դեսպանը յայտնեց իր տեսութիւնը Լիբանանի մասին որպէս բարեկամ երկիր, ուր քրիստոնեաները շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ կամուրջը կը կազմեն մշակոյթներուն միջեւ։

 

Յիշենք, որ Իտալիոյ դեսպանը կ՛աւարտէ իր նստաշրջանը հոկտեմբեր ամսոյն եւ կը վերադառնայ Հռոմ, ուր պիտի մնայ մէկ տարի եւ պիտի զբաղի Աֆղանիստանի եւ Փաքիսթանի թղթածրարով։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ