Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ընդունի՛նք Ճշմարտութեան Խօսքերը…

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ ունեցանք «Առաջին Սուրբ հաղորդութեան օր»-ը «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» գեղակերտ եւ լուսափայլ նորոգութեամբ զարդարուած մեր հայոճ եկեղեցիին մէջ:
Քսաներկու անչափահասներ առաջին անգամ ըլլալով` ընդունեցին իրենց Տիրոջ «Մարմինն ու Արիւնը»: Ուրախ էին: Ուրախ էին նաեւ ծնողներն ու հարազատները, որոնք լեցուցած էին Աստուծոյ տունը:
Ու յատկապէս ուրախ էի հանդիսադրող ժողովրդապետս, որ այս հոգեկե՛րտ, մարդակե՛րտ, համայնքաշէ՛ն ու ազգաշէ՛ն տօնակատարութեան առիթով կարդացած Աւետարանը կարդալուդ խնդրանքովս` կը փոխանցեմ քանի մը խոհեր:
Կարդալուդ եւ խորհրդածելուդ սուրբգրային հատուածը առի չորրորդ աւետարանիչէն (Յվհ. 6, 47-58), որուն մէջ Յիսուս շատ պարզ ու յստակ բառերով կը հռչակէ ինքզինք. «Ես եմ կեանքին Հացը, որ իջած է երկինքէն»:
Քրիստոսի այս յայտարարութենէն առաջ, սակայն, տեղի ունեցաւ տաք վիճաբանական խօսակցութիւն մը Յիսուսի ու հրեաներուն միջեւ (Յվհ. 6, 22-47): Կ՛արժէ անդրադառնալ անոր գլխաւոր կէտերուն, որոնք այսօր ալ այժմէական են:
Մէկ կողմէն հացերու բազմացումով Քրիստոս կերակրած էր հինգ հազարները, ապա հեռացած էր անոնցմէ, քանի պիտի յափշտակէին «զինք թագաւոր հռչակելու համար» (Յվհ. 6, 1-15), միւս կողմէն, Յիսուս ալեկոծ ծովուն վրայէն քալած էր սարսափահար աշակերտներուն դիմաց` անոնց բացագանչելով. «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յվհ. 6, 16-21):
Հասկնալի է, որ երկու հրաշքներն ալ իրենց ազդեցութիւնն ունեցած էին Վարդապետը փնտռող հետեւորդներուն վրայ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, կը փնտռէք զիս, ո՛չ որովհետեւ տեսաք նշաններ, այլ` որովհետեւ հաց կերաք ու կշտացաք» (Յվհ. 6, 26):
Ապա Յիսուս հրահանգեց անոնց եւ մեզի. «Գացէ՛ք, աշխատեցէ՛ք ո՛չ թէ կորնչական կերակուրին համար, այլ` ա՛յն կերակուրին, որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար, եւ զոր Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Ինքն է, զոր Հայր Աստուած հաստատեց իր կնիքով» (Յվհ. 6, 27):
Հրեաներու հարցումին, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն «Աստուծոյ գործերը կատարելու համար», Յիսուս պատասխանեց. «Ա՛յս է Աստուծոյ գործը. հաւատացէ՛ք Անոր, զոր Հայրը ղրկեց աշխարհ» (Յվհ. 6, 28):
Հաւատալ չուզող հրեաները, սակայն, առարկեցին` պահանջելով նորանոր նշաններ իբրեւ ապացոյց զիրենք նեղ անկիւնը մտցուցած Սքանչելագործին «յերկնուստ» ղրկուածութեան: Հաւատալու համար հրաշքներ կ՛ուզէին տեսնել ճիշդ անոնք, որոնք դեռ նոր տեսած էին հրաշքները…
Այսպէս է. երբ չենք ուզեր հաւատալ, կը դիմենք «խելամիտ» պատրուակներու եւ կը փնտռենք «արդարացի» հնարքներ` պարզապէս մեզ ազատելու չհաւատացողի կամ չընդունողի շատ անձուկ կացութենէն…
Յիսուս` Մարդասէրը կը հասկնայ մեր անել վիճակը, որովհետեւ կը յարգէ մեզ, կը սիրէ մեզ ու կը փափաքի մեր աստենական եւ անդենական երջանկութիւնը: Ուստի, տեղի տուաւ եւ տեղի կու տայ հին ու նոր հրեաներուն պայման-պահանջին:
Նախ` Յիսուս բացայայտեց, թէ անապատին մէջ թափառած նախնիներուն տրուած մանանան Մովսէսէն չէր, այլ Աստուծմէ էր: Ապա անոնց եւ մեզի յստակացուց. «Հայրս է, որ ձեզի կու տայ երկինքէն եկած ճշմարիտ Հացը: Որովհետեւ Աստուծմէ եկած Հացը Ա՛ն է, որ կ՛իջնէ երկինքէն եւ կեանք կը շնորհէ աշխարհին» (Յվհ. 6, 32-33):
Երբ հարցն է մեր փրկութեան,Աստուած միշտ նախաձեռնողն է, նոյնիսկ ստէպ զիջող եւ յա՜ր ներողամիտ, ընդառաջող Հայրն է: Կը մտածէ մեր վրայ` Անոր մասին մեր իսկ մտածումէն առաջ: Հաստատ կը մնայ իր սիրոյն մէջ մեզի հանդէպ` Զայն մեր մերժումէն ետք ալ:
Նոյնիսկ երբ անձնասէր ենք մենք եւ կը փնտռենք մեր բարօրութիւնը լոկ, ինչպէս հոս` այս վիճաբանութեան ընթացքին. «Տէ՜ր, միշտ տո՛ւր մեզի այն հացը» (Յվհ. 6, 34): Խնդրողին միշտ կու տայ առատաձեռն Տէրը, բայց կ՛ուզես, որ հայցողը հաւանի շնորհքին:
Յիսուս, որ տէրն է իր խօսքին ու կատարողը` իր խոստումին, յայտարարեց անոնց եւ մեզի. «Ես եմ կեանքին Հացը: Ինծի եկողը երբեք պիտի չանօթենայ, եւ Ինծի հաւատացողը երբեք պիտի չծարաւնայ» (Յվհ. 6, 35):
Տէրունական այս ճշմարտութեան համար անցեալին մէջ գանգատողներ եղան հրեաներէն, եւ ներկային մէջ չընդունողներ կան չակերտեալ «քրիստոնեաներէն», որոնց երեսին, սակայն, Յիսուս, հաստատ ու վճռական իր գիտցածին մէջ, կը շպրտէ. «Մի՛ գանգատիք, ոչ մէկը կրնայ Ինծի գալ, եթէ Հայրս, որ Զիս ղրկեց, զայն չքաշէ Ինծի, եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յվհ. 6, 44):
Անոնց` գանգատողներուն եւ չընդունողներուն, ինչպէս ալ հաւատացեալներուն եւ սիրողներուն կը ձայնէ Յիսուս. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, հաւատացողը կ՛ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յվհ. 6, 47):
Եթէ կ՛ուզենք յաւերժօրէն ապրիլ, պիտի ընդունինք Յիսուսի Ճշմարտութեան խօսքերը, ինչպէս որ են, մեր սրբաշնորհ Գրիգորներու, Սահակներու, Մեսրոպներու, Ներսէսներու եւ Մխիթարներու ըմբռնածին պէս, եւ ո՛չ` ինչպէս հրեաները, բերենգարեանները, լութերականները, կալվինականներն ու անոնց հետեւորդ սնահաւատները` անցեալին ու ներկային մէջ:
Յիսուս Քրիստոսի «լոյս, ճշմարտութիւն, կեանք ու յաւերժութիւն» ջամբող խօսքերը շատ պարզ եւ յստակ են, բայց նաեւ սիրաջերմ ու սրբարար. «Ա՛յս է Հացը, որ իջած է երկինքէն: Անկէ ուտողը պիտի չմեռնի: Ես եմ կենդանի Հացը` իջած երկինքէն: Եւ Հացը, զոր Ես պիտի տամ, ի՛մ Մարմինս է, կեանքը` աշխարհին» (Յվհ. 6, 50-51):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 24 Յունիս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ