Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը՝ Մուհամէտ Ռետա Ռաուֆ Շիպանի, ուղեկցութեամբ դեսպանատան քաղաքական խորհրդականին, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2006ին, կէսօրին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Կէս ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ եղան Արհի. Տէր Պօղոս Արքեպիսկոպոս Գուսան եւ Գեր. Հայր Նարեկ Վարդապետ Լուիսեան:
Ն.Վ. Դեսպանը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն առիթով եւ գրահատանքով խօսեցաւ Հայութեան մասին ընդհանրապէս եւ Իրանի Հայ համայնքի մասին մասնաւորաբար: Ան վստահեցուց որ իրանեան իշխանութիւններուն հոգատար ուշադրութեան առարկան են հայերը Իրանի մէջ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանի տիրող կացութիւնը ինչպէս նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարին՝ Մանուշար Մոդդաքիի անցեալ շաբաթ տուած այցելութիւնը Վատիկան Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, որուն կ’ընկերանար հայ պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանը:
Ապա Ն.Վ. Դեսպանը տեղեկացուց այն ճնշումներու մասին, որոնց կ’ենթարկուի Իրան՝ հիւլէական ուժանիւթի իր ծրագրին պատճառով հակառակ անոր այդ ծրագիրը պիտի ծառայէ միայն խաղաղ նպատակներու եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց Դեսպանին Ատհա տօնին առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերուած հոգատար ուշադրութեան, վստահեցնելով որ հայերուն կեցուածքը միշտ թելադրուած է իրենց գտնուած երկիրներուն գերագոյն շահերէն: