Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2011 - Հոգեւոր Տէրը այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւնը Լիբանանի մէջ


Պէյրութ

Այսօր՝ ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ պատուիրակութեամբ այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւնը Լիբանանի մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան արհիապատիւ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան, հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, քոյր Արմինէ Մակարոսեան, պրն. Սարգիս Նաճարեան եւ պրն. Անթուան Էմիրզեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին եւ անձնակազմին Հայաստանի անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին առթիւ, յոյս յայտնելով որ հայոց պետականութիւնը ալ աւելի ամրապնդուի եւ բարգաւաճի եւ ծաղկուն ապագայ ունենայ յաջորդ շրջանին։

Այցելութեան աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20րդ տարեդարձը եւ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած հասունութիւնը Հայաստան Սփիւռք փոխյարաբերութեան մէջ, լաւագոյն վկայութիւնն է քսան դարերէ աւելի հայ տիպարին մէջ կերտուած աստուածասէր եւ ազատատենչ բարի նկարագրին: Ասիկա արդիւնքն է մեր նախնիքներուն աւանդին՝ ապահով գանձ եւ անկորնչելի դրամագլուխ: Աստուծոյ սուրբ Հոգին անպակաս ըլլայ մեր ղեկավարներէն եւ ժողովուրդէն»:

 

 

 


 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ