Կիրակի, 22 Ապրիլ 2007 - Արհիապատիւ Հայր Վարդան Աշգարեանի Մեծարանքի Երեկոյ

Կիրակի, 22 Ապրիլ 2007ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու, տեղի ունեցաւ Արհի. Հ. Վարդան եպս. Աշգարեանի մեծարանքի երեկոն, կազմակերպութեամբ Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի կազմակերպական յանձնախումբին:
Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, Այնճարի քաղաքապետ՝ Սեպուհ Սգայեան, համայնքային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքէն պատուիրակութիւն մը՝ Գերապայծառ հօր հետ միասին:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Հ. Յ. Դ. Այնճարի կազմակերպական յանձնախումբի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան: Ան ողջունեց Գերապայծառը իր ծննդեան 70ամեակին եւ գրական գործունէութեան 50ամեակին առիթներով եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Գերպ. Աշգարեանի նուիրումի եւ զոհողութեան յատկանիշներով լեցուն կեանքը:
Ան յայտնեց, որ Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի կազմակերպական յանձնախումբը կազմակերպած է այս մեծարանքի երեկոն՝ գնահատելու համար ազգին ծառայելու բարձր ոգին, առանց որուն բոլորին աշխատանքը ի զուր է:
Ան յայտնեց, որ Այնճարի ժողովուրդը համաձայն է, որ մնայ պողպատ, չծռի, ինչպէս չծռեցան իրենց պապերը, եւ մնան կանգուն ինչպէս իրենց լեռը:
Բացման խօսքէն ետք Գերպ. Վարդան Աշգարեան կեանքի զանազան հանգրուանները ներկայացուց Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովհաննէս Թասլաքեանը, որ անդրադառնալէ ետք անոր կեանքին սկզբնական դժուարին տարիներուն, զայն արժեւորեց իբրեւ սկզբունքի տէր, փորձառու մանկավարժ, համեստ հոգեւորական, անզուգական կրթական մշակ ու խիզախ ազգային գործիչ: Յովհաննէս Թասլաքեան շեշտը դրաւ Գերպ. հօր մարդկային յատկանիշներուն վրայ՝ ըսելով. «Անոր մօտ գերակշիռ է երախտագիտական զգացումը զինք շրջապատող ամէն մէկ անձի նկատմամբ»:
Նուիրումի ոգին միշտ ներկայ եղած է իր սրտին մէջ: Ան խիզախօրէն արտայայտած է իր սկզբունքային տեսակէտները ե՛ւ կրօնական, ե՛ւ ազգային հարցերու պարագային:
Մեծ եղած է անոր մտաւորական ներդրումը հայ կեանքին մէջ, որ արտայայտուած է յատուկ եղանակով:
Յ. Թասլաքեան իր խօսքի աւարտին խօսեցաւ Գերպ. հօր առաջնորդի դերակատարութեան մասին, ազգային գործիչի եւ հոգեւորականի իր դիրքերով, ու զայն նկատեց այն իւրայատուկ մուսալեռցի ղեկավարներէն, որոնց համար գործը աւելի կարեւոր է, քան փառքն ու պատիւը:
Արփա Անտոնեան հանդէս եկաւ ասմունքով՝ ներկայացնելով Վարդան Զօրենցի բանաստեղծական վերջին հատորէն հատուածներ:
Ապա Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Վարդան Զօրենց բանաստեղծը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ բանաստեղծի գրական յատկանիշներուն եւ ներկայացուց հատուածներ Վարդան Զօրենցի վերջին հատորէն՝ վեր առնելով բանաստեղծին հիմնական իւրայատկութիւնները, որ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ունեցած է մայրը, հայրենիքը եւ բնութիւնը:
Ան Վարդան Զօրենցը նկատեց սիրտ մը, որ միշտ կը բաբախէ իր մօր ազնիւ յիշատակներով, իր ազգի անկոտրում կամքով եւ ապագայի յոյսերով:
Հայր Կռանեան հաստատեց, որ մեծասիրտ է բանաստեղծ Վարդան Զօրենցը թէ՛ մարդկային զգացումներով եւ թէ ազգային իր երազներով, այնպէս ինչպէս եղած էր Մխիթար Աբբահայրը:
Ան Գերպ. հօր երկար կեանք մաղթեց եւ իր խօսքը աւարտեց՝ յայտնելով. «Եթէ ես նկարիչ ըլլայի, պաստառի վրայ Դերապայծառը կը նկարէի իբրեւ ալեհեր առիւծ մը եւ ձեռքին մէջ կարմիր վարդ մը»:
Ապա, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Սեպուհ Գէորգեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Հուրի Մախուլեանի, Լոռի Այնթապլեանի եւ Լալէ Հաւաթեանի:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւոր հայրերուն, տեղի ունեցաւ Գերպ. հօր վերջին երկու հատորներուն գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք գիւղի քաղաքապետ Սեպուհ Սգայեան համայն մուսալեռցիներու անունով հայր Վարդան եպս. Աշգարեանը պատուեց Մուսա Լերան պատմական յուշարձանի շքանշանով:
Խորհրդաւոր պահը աւարտեցաւ Գերպ. հօր սրտի խօսքով. ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով կազմակերպիչ մարմինին՝ ըսաւ. «Ինչ որ ըրի փառքը՝ Աստուծոյ, պարծանքը՝ ազգիս, աշխատանքն ու քրտինքը՝ ինծի»:
Ներկաներու բուռն ծափողջոյններով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին, որմէ ետք գերապայծառը ճաշի հիւրը եղաւ Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ