Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2012 - Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի բացումը Երեւանի մէջ

 

Երեւան

Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովը մեկնարկեց ազգային քայլերգով, ապա արտասանուեցան ՀՀ և ԼՂՀ նախագահներու ուղերձները եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ու Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի օրհնութեան նամակները:
Համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայ լրագրողներ, որոնց կարգին կը գտնուի պրն. Սարգիս Նաճարեան, որ արտասանեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետեւեալ ուղերձը:

«Թանկագին ներկայացուցիչներ
համայն Հայութեան Չորրորդ Իշխանութեան,

Իշխանութիւն մը՝ որուն անփոխարինելի կարեւորութիւնը բոլոր ժամանակներուն, բոլոր պետութիւններուն ու ազգերուն եւ ասոնց հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր կառոյցներուն համար՝ այնքան հոյակապօրէն ցոյց տուած է Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան հռչակագրի հեղինակը՝ նախագահ Թամըս Ճեֆըրսըն աւելի քան երկու դար առաջ ըսելով որ պիտի նախընտրէր ունենալ մամուլ մը  առանց կառավարութեան, քան թէ կառավարութիւն մը՝ առանց մամուլի։ Խորապէս ցուցանշական այս գնահատականին վրայ ան կ՚աւելցնէ թէ խօսքը կը վերաբերի  Ճշմարտութեան հետամուտ ու պաշտպան մամուլին, որովհետեւ Ճեֆըրսըն մեծ հաւատացեալ մըն էր Ճշմարտութեան վերջնական յաղթանակին։
 Ճշմարտութեան յաղթանակը յաճախ արդիւնքը  ըլլլալով հանդերձ երկար պայքարի եւ բազում զոհողութիւններու, անոր յաղթանակի անխուսափելիութեան հաւատքով կ՚ապրի ու կը գործէ  ամէն հաւատացեալ քրիստոնեայ։ Որովհետեւ, Տէրը Ճշմարտութիւնն իսկ է, իսկ Տէրը անպարտելի է։
 Թանկագին զինուորագրեալներ հայկական մամուլի,
 Անցեալ շուրջ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք գտնուեցաք Հայութեան գոյապայքարի բոլոր ճակատներու յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Հայապահպանութեան պայքարին մէջ անփոխարինելի եղաւ Հայ Մամուլին եւ անոր զինուորագրեալներուն դերակատարութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ,  Հայ Դպրոցի, Հայ Ակումբի եւ ընդհանրապէս հայկական կառոյցներու կողքին, ինչու չէ նաե՛ւ մեր ազատամարտիկներու կողքին ու թիկունքին։ Դուք չեղաք սոսկ լրատուներ, չոր ու ցամաք տեղեկատուներ, անդիմագիծ պաշտօնեաներ, այլ հանրային ճշմարտադրոշմ կարծիքի մշակներ, եղաք Հայ մշակոյթի դպրոց ու ամբիոն, դարձաք  հայակերտումի դարբիններ, Հայու ինքնութեան ու անվտանգ գոյերթի ճանապարհը լուսաւորող փարոսներ։ Եղաք  ու ըրիք այս բոլորը  եւ դեռ աւելին։ Իբրեւ հայկական պահանջատիրութեան առաջատար դրօշակակիրը, դուք եղաք խօսափողը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը համաշխարհային հանրային կարծիքի կիզակէտին մէջ պահելու համազգային պահանջին։ Ճակատագրական պահերուն եղաք ազգային զօրաշարժի շեփորահարը։
 Շարունակելով հանդերձ այս բոլորը ըլլալ ու ընել, այսօր,  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, դուք՝ Ճշմարտութեան անգերազանցելի զէնքով զինուած, կոչուած էք ուժեղացնելու Արդարութեան եւ Իրաւունքի պաշտպանութեան եւ ուրեմն հայկական պահանջատիրութեան առաջատարի ձեր դերը,  այն անկոտրում հաւատքով որ  Արդարութեան եւ Իրաւունքի պաշտպանութեան  պայքարը յաղթանակով միայն կրնայ նուիրագործուիլ, որովհետեւ ան կը վայելէ Ամենակալ Տիրոջ հովանաւորութիւնը։ Այդ հովանաւորութիւնը ձեզ կը դարձնէ առաքեալներ եւ ձեր աշխատանքը՝ առաքելութիւն։ Աստուած ձեր կողքին է այնքան ատեն որ պայքարի ձեր զէնքը Ճշմարտութիւնն է, իսկ նպատակը՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան յաղթանակը։
 Սիրելիներ,
 Շատ բնական է որ իւրաքանչիւր մամուլ ունենայ իր հովանաւորը ու պատկանելիութիւնը, ունենայ իր ուրոյն դիմագիծը եւ գործելաոճը, որոնք կրնան ըլլալ անհատական, կուսակցական, համայնքային։ Բնական է նաեւ որ ամէն մամուլ ունենայ այդ հովանաւորութենէն կամ պատկանելիութենէն թելադրուած արեւելումը։ Բայց երբ հարցը կը վերաբերի ազգային հիմնախնդիրներուն, համահայկական մտահոգութիւններուն եւ համազգային առաջադրանքներուն, Հայրենիքի եւ Ազգի գերագոյն շահերէն թելադրուած կեցուածքը պիտի գերակշռէ, պէ՛տք է գերակշռէ, պիտի փոխարինէ ամէն հովանաւորութիւն, պատկանելիութիւն ու հատուածականութիւն, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ մարտահրաւէրները՝ զորս կոչուած ենք դիմագրաւելու,  ուղղուած չեն ու պիտի չըլլան մեր ժողովուրդի այս կամ այն հատուածին միայն, այլ համայն Հայութեան, որուն թիկունքին կանգնած է այսօր հայկական անկախ պետականութիւնը։ Հարկ է համախմբուիլ անոր շուրջ եւ մեզի ուղղուած մարտահրաւէրներուն ու մեր առջեւ դրուած խնդիրներուն դիմաց մեր ցուցաբերելիք կեցուածքները դարձնել արտայայտութիւնը մեր այդ համախմբուածութեան, մեր միաբանութեան ու միասնականութեան, որուն շաղախը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է իր պետութեամբ ու պետական կառոյցներով։
 Մեր բոլոր յաղթանակներուն ու յաջողութիւններուն գրաւականը մեր միաբանութիւնն է, զոր ցոլացնելու կոչուած  են հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները եւ մամուլի առաքեալները՝ այս կերպով մեր ժողովուրդի բաղկացուցիչ թեւերուն միջեւ սեպ խրելու պատրուակ չտալու համար մեր հակառակորդներուն։։
 Սիրելիներ,
 Ճշմարտութեան զէնքին հետ, այսօր դուք ձեր տրամադրութեան տակ ունիք ժամանակակից հաղորդամիջոցներու ընձեռած անսահման հնարաւորութիւնները, որոնք  աստուածատուր շնորհ մըն են, ինչպէս կը հաստատէ Միջին Արեւելքին նուիրուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ 2010-ի ընդհանուր սիւնհոդոսը՝ իր եզրափակիչ տեղեկագրին մէջ հաւաստիացնելով որ □Հաւատքի տարածումին, աւետարանացումին, կրթական աշխատանքին, զարգացման ձեռնարկներուն եւ խաղաղութեան պատրաստութեան համար՝ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներուն օգտագործումը անշրջանցելի է□։  Մենք պիտի աւելցնենք.- Այդ միջոցներուն օգտագործումը անշրջանցելի է նաե՛ւ Հայ Դատի միջազգային ծանօթացման եւ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդումին, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր հետեւանքներու դարմանումին համար։
 Ահա թէ ինչու մենք կը զօրակցինք Զանգուածային Լրատուամիջոցներու ու Մամուլի գործիչներուն ու անոնց առաքելութեան։ Ձե՛ր անհատական եւ հաւաքական առաքելութեան։
 Այս մտածումներով, կ՚ողջունենք Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովին մասնակիցներդ եւ Մեր հայրապետական ողջոյնին կը միացնենք Մեր օրհնութիւնն ու աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ Ազգի ու Հայրենիքի ծառայութեան նուիրեալներու վրայէն եւ ամբողջական յաջողութեամբ պսակէ Համաժողովին աշխատանքները»։


Սյս համաժողովին նպատակն է նոր համագործակցութեան կերպեր յառաջացնել, Հայաստան եւ Սփիւռք կապերը մեծ չափով զարգացնելու համար:

Կէսօրին համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերթ, ապա մեկնեցան Աղավնաձոր, ուր պիտի շարունակուին աշխատանքները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ