Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2012 - Հոգեւոր Տիրոջ ուղերձը Տաշիրի «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցւոյ վերաօծման առթիւ

 

Պէյրութ, 17 Յուլիս 2012

Դիւան թիւ 147/12

Արհի. Հայր Ռափայէլ Արքեպ. Մինասեան
Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ

 Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր,

Մեծ ուրախութեամբ տեղեակ եղայ Տաշիրի Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ վերաօծման ցնծալի լուրը, որ տեղի ունեցաւ առջի օրը, Յուլիս 15-ին, ձեռամբ Ծիրանաւոր Կարդ. Լէոնարտօ Սանտրիի, ինչպէս որ նախապէս ինծի հաղորդած էիր։

Ամէն եկեղեցի խորհրդանիշն է Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին։ Ան խորհրդանիշն է նաեւ ուրիշ տաճարի մը՝ մեր հոգիներուն տաճարը, ինչպէս Սուրբ Պօղոս կ՚ըսէ. «Մենք կենդանի Աստուծոյ տաճարներն ենք» (Բ. Կորն. 6,16)։ Այսինքն՝ Աստուած կը բնակի մեր մէջ, կը բնակի մաքուր սրտերուն մէջ։

Ամէն եկեղեցի է ու կը մնայ իր զաւակներուն համար միասնակութեան տուն եւ դպրոց։ Այս միասնականութիւնը կ՚իրականանայ միմիայն երբ հաւատացեալները իրար զիրար սիրեն եւ իրարու հետ անկեղծ հոգիով համագործակցին, մանաւանդ պատասխանատուները, բոլորին կարիքները հոգալու համար՝ հովիւին առաջնորդութեամբ։

Յատուկէն կ՚աղօթեմ Տաշիրի հաւատացեալներուն բարօրութեան եւ երջանկութեան համար, հայրական օրհնութիւնս շնորհելով բոլորին։

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ