Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2010 - «Կռունկ» երգչախումբի համերգ Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ

 Պէյրութ, Լիբանան

 

G546464
Շաբաթ, 3 Ապրիլ 2010-ին, Աւագ
շաբթուան եւ Սուրբ Յարութեան տօներուն առիթով, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Կռունկ երգչախումբը հոգեւոր համերգ ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ Թելէ Լիւմիեր պատկերասփիւռի կայանին:


Համերգին ներկայ գտնուեցան
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան պրն. Տենիզ Բիէթոն, հոգեւոր պետեր եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ։ Կռունկ երգչախումբը հանրութեան ներկայացուց 12 երգեր, որոնց շարքին կարելի է նշել Ո՞ւր ես մայր իմը, Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոցը, ինչպէս նաեւ արաբերէնով Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի Ալմահապա երգը։ Ձեռնարկին ընթացքին տէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան ներկայացուց իւրաքանչիւր շարականին իմաստն ու շարականին մասին տեղեկութիւններ։ Համերգին գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Կոմիտասի Հայր մերին երգեցողութեամբ։ Սուրբ Յարութեան տօնին նուիրուած ելոյթին աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Սուրբ Յարութեան պատգամն ու խորհուրդը։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ