Պէյրութ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական յանձնախումբը իր ծրագրած ձեռնարկներուն մեկնարկը կատարեց մամուլի ասուլիսով (արաբերէնով), որ տեղի ունեցաւ 29 յունուար 2015, հինգշաբթի կէսօրին Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ, ի ներկայութեան լիբանանեան լսատեսողական հաղորդամիջոցներու եւ մամուլի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մամուլի եւ լսատեսողական հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներուն։
Ասուլիսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ մարոնիթներու Պէյրութի թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Պուլոս արքեպիսկոպոս Մաթար, որ այնուհետեւ անձամբ վարեց ասուլիսը։
Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձաւ հայուն Գողգոթային մասին, հայ ազգին ազնիւ եւ օրինակելի կենցաղին մասին Լիբանանի մէջ, ապա իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ բոլոր այն ազգերն ու քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որոնք անցեալին եւ մինչեւ մերօրերս նահատակութեան ճամբան բռնած կը վկայեն իրենց հաւատքին մասին:
Ապա, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը խօսքը տուաւ Պատրիարքական յանձնախումբի ներկայացուցիչ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանին, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ ազգի նահատակութիւնը, հայուն իր մշակոյթին կառչուածութիւնը եւ Լիբանանի հանդէպ հաւատարմութիւնը եւ յոյս յայտնեց որ հայութիւնը, լիբանանցի իր եղբայրներուն հետ կը շարունակէ զարգացման յառաջընթացի ուղին, եւ մարդկութեան բարոյական արժէքներու ու հայրենասիրութեան փարոսը հանդիսանալ, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան եւ եղբայրասիրութեան պատգամ մը ըլլալու Արեւելքի մէջ։ (միջամտութիւնը ամբողջութեամբ յաջորդիւ):
Գերյարգելի Եղիայեան իր խօսքը աւարտեց ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած միջոցառումները, որոնք պիտի գործադրուին յառաջիկայ ամիսներուն։ Ընդգծելով իւրաքանչիւր ձեռնարկին առանձնայատուկ նշանակութիւնը, գերյարգելին թուեց մասնաւորաբար՝
1) Հայ ժողովուրդին, անոր պատմութեան, մշակոյթին եւ ցեղասպանութեան մասին աւելի քան հարիւր օտար եւ արաբ հեղինակաւոր դէմքերու վկայութիւնները ամփոփող 320 էջնոց արաբերէն գեղատիպ հատորի մը հրատարակութիւնը Նաժի Նաամանին կողմէն։
2) Հրապարակային հանդիսութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մարտի 9-ին, UNESCO հանդիսասրահին մէջ, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու Ժողովին նախագահութեամբ։
3) Հայեւլիբանանեան բարեկամութիւնը խորհրդանշող եւ Լիբանանին հանդէպ Հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը արտայայտող յուշակոթողի մը կանգնեցումը Ճիւնիի մայրուղիին վրայ։
4) Սուրբ Պատարագի մը մատուցումը յառաջիկայ ապրիլի 12-ին Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, եւ այս առթիւ ուխտագնացութիւն մը Հայ կաթողիկէ թեմերէն։
5) Մեծ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած վատիկանեան դրոշմաթուղթի մը հրապարակումը երանելի Մալոյեանին դիմանկարով։
6) Հայ կաթողիկէ մեծանուն հոգեւորական երջանկայիշատակ Սահակ եպիսկոպոս Կոգեանին ապրիլ 24-ի ճառերը ամփոփող հատորի մը հրատարակութիւնը։
7) Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ եւ Զմմառու վանքին կազմակերպութեամբ գիտաժողով Զմմառու մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արխիւներու մէջ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ դոկտ. Յովհաննէս Թասլագեան, որ պատմական ակնարկ մը նետեց հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն վրայ, 13-րդ դարէն սկսեալ երբ թուրքերը մտան հայկական բարձրաւանդակ: Ապա ան անդրադարձաւ Օսմանեան պետութեան հիմնադրութեան եւ հայկական ներկայութեան մասին:
Հայկական հարցին ծնունդը ան կապեց Եւրոպայի մէջ ազատութեան գաղափարախօսութեան զարգացումին հետ: Ապա ան յիշեց միջազգային կարեւոր ժողովները:
Անդրադարձաւ հայ դատին ծննդեան եւ անոր զարգացումին մասին, Հայ եւ Թուրք քաղաքական յարաբերութիւններու մասին եւ բախումներու մասին:
Վերջապէս թրքական այլամերժ քաղաքականութեան մասին, որ պատճառ դարձաւ ցեղասպանութեան: Ապա ան անդրադաձաւ 20-րդ դարու հայ դատի յեղեշրջումին մասին եւ մինչեւ օրս շարունակուող լուռ հակամարտութիւնները, քաղաքական թէ մարտական դաշտերու վրայ։
Իր կարգին խօսք առնելով, Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէնը՝ հայր Ապտօ Քասեմ ըսաւ թէ այն ինչ որ տեղի կ'ունենայ սովորական ասուլիս մը չէ, այլ «իրաւունքի պահանջատիրութեան ասուլիս մը։ Ան շեշտեց թէ այս հանդիպումը մէկու մը դէմ չէ, այլ կը վկայէ այդ խոր վէրքին մասին, որ հայերը կ'ապրին տակաւին կարծէք մօտ անցեալին ըլլար: Ան հարցական մը դնելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ներկայութեան մասին, հաստատեց թէ քրիստոնեաները պիտի մնան այս իրենց իսկ կառուցած Արեւելքին մէջ:
Ասուլիսը եզրափակելով, մարոնիթներու Պէյրութի առաջնորդը վերահաստատեց, որ Արեւելքը կրօններու համակեցութեան հայրենիքն է, եւ քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց հողերուն, պայքարելով բոլոր հաւատադրժողական եւ սադրիչ հոսանքներուն դէմ։ Ան շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը իր այս նախաձեռնութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու զեկուցողներուն:
Աւարտին, եպիսկոպոսը ներկաները հրաւիրեց հիւրասիրութեան մը, որուն ընթացքին Պատրիարքական յանձնախումբի անդամներուն եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն միջեւ ասուլիսը շարունակուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մը ներքեւ։
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին
Լրատուական Գրասենեակ