Երեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2012 - Փոքր Կարգերու տուուչութիւն եւ կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւն՝ Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ


Հռոմ

Կիրակի 14 հոկտեմբեր 2012, Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ եղբ. Կենարիոս Լուսարարեանի դպրութեան ու կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւնը:
Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութեան կարգերը յանձնեց՝ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տեսուչ՝ հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան, իսկ նորընծային ներկայացնող խարտավիլակ վարդապետն էր՝ վարժարանի փոխ-տեսուչ՝ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց դասը, վարժարանի նորընծաներն ու հայ եւ իտալացի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ձեռնադրութեան առաջին մասը ընդգրկեց դպրութեան փոքր կարգերու տուչութիւն սուրբ Պատարագէն առաջ, իսկ երկրորդ մասը ընդգրկեց կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ յետ « Զի Ողորմած » աղօթքին:

Կը յիշեցնենք, թէ նոր ձեռնադրեալ կիս. Կենարիոս Լուսարարեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի 28 հոկտեմբեր 2012-ին, ձեռամբ՝ արհի. տէր Վարդան եպս. Պօղոսեանի:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ