Պուրճ Համմուտ
Կազմակերպութեամբ hայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, շաբաթ, 25 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «ՍփլէշԼէնտ» լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի փակման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Lիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Ովասիս»ի պատասխանատուներ Ալինա Մեսճեան, Սերժ Հաննա Այվազեան եւ Սօսէ Գրիգորեան: Անոնք շեշտեցին, որ «Ովասիս»ը 14 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր երթը` էապէս ծառայելով իր նպատակներուն:
Ապա «Ովասիս»ական աշակերտներ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Հանդիսութեան իւրայատկութիւնը այն էր, որ պարերը կը կատարուէին լողաւազանին մէջ, ինչ որ նորութիւն էր եւ հետաքրքրական: Պատմական Հայաստանի գրաւեալ շրջաններու անունները կրող եւ Եռագոյնի գոյներով բաժնուած խումբերը մանկական, հայկական, արաբական եւ եւրոպական պարեր: Եզրափակիչ հաւաքին նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկՖուի եւ մարզական խաղերու ցուցադրութիւններ:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը փակուեցաւ «Սասնայ պար»ի միացեալ կատարումով: Հաւաքական պարը արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Արուեստից Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ովասիս»ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեանին, կազմակերպիչներուն, դասատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեծ նուիրուածութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած դժուար աշխատանքը:
Պրն. Տնօրէնը շեշտեց, որ «Ովասիս»ի յաջողութիւնը առողջ միջավայրի մէջ հայ երեխաներուն ժպիտ պարգեւելն է, եւ այս հանդիսութեան մթնոլորտը կ'ապացուցէ, որ «Ովասիս»ը ամբողջովին ծառայած է իր առաքելութեան: Իր խօսքը եզրափակելով, պրն. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ15-րդ «Ովասիս»ը եւս կ'ունենայ նորութիւններ ու կ՛արձանագրէ նոր նուաճումներ եւ զարգացումներ:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ