Պէյրութ, Լիբանան
Երեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9-ին, Հայկազեան համալսարանի տնօրէն՝ վեր. Փօլ Հայտոսթեանի ընկերակցութեամբ եւ վեր. տոքթոր Րէմոն Պաքքէյի գլխաւորութեամբ տոքթորայի թեկնածու օտարահպատակ աւետարանական ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ հետ։
Հանդիպման ընթացքին, վեր. Փօլ Հայտոսթեան ներկայացուց պատուիրակութեան ընդհանուր գործունէութեան մասին։ Այս պատուիրակութիւնը ներկայիս կը գտնուի Լիբանան, ուսումնասիրական շրջայցի մը ընթացքին, որ կ՛ընգրկէ նաեւ Սուրիան եւ Հայաստանը։
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ներկաներուն ծանօթացուց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմական նկարագրին եւ առաքելութեան մասին։ Այսուհետեւ ան յաջողութիւն մաղթեց այս ուսումնասիրական խմբակին։
Հանիպումը վերջ գտաւ բարեմաղթութիւններով։