Պէյրութ, 4 Նոյեմբեր 2008
Դիւան թիւ 267/08
Ազնուափայլ Տիկին Հրանուշ Յակոբեան
ՀՀ Սփիւռքի Նախարար
ԵՐԵՒԱՆ
Յարգարժան Տիկին Յակոբեան,
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վատիկանեան Սիւնհոդոսը՝ Հոկտեմբեր 3-էն սկսեալ գրաւած ըլլալով Մեր ամբողջ ժամանակը, ուշացումով կու գանք շնորհաւորելու ձեր Սփիւռքի նախարար սպասուած եւ յուսադրիչ նշանակումը: Վատիկանէն Մեր նստավայրը վերադարձին, Մեր «Մասիս» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, Պր. Սարգիս Նաճարեան Մեզի զեկուցեց ձեր ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու մասին: Ձեզ անձամբ ճանչնալու առիթը ունեցած ըլլալով, համոզուած ենք որ ամենայն պատասխանատուութեամբ, շրջահայեցութեամբ, նպատակաուղղուածութեամբ եւ դիւրազգացութիւններու նկատառումով պիտի հետապնդէք հայրենանպաստ եւ հայանպաստ այդ ծրագիրներուն ու առաջադրանքներուն իրագործումը, որուն շնորհիւ կը յուսանք աւելի զօրացած տեսնել Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը:
Տեղեկացած ըլլալով նաեւ ձեր մէկ հարազատին կանխահաս կորուստի մասին, ձեզի կը յայտնենք Մեր վշտակցութիւնը եւ կը հայցենք Մեր երկնաւոր Հօր մխիթարութիւնը:
Յարգելի Տիկին Յակոբեան, Մեր յաջողութեան մաղթանքներուն կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ ձեր եւ ձեր բոլոր գործակիցներուն վրայէն:
Հայրական Օրհնութեամբ՝
…Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց