Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորական ուղերձը Միացեալ Նահանգներու նախագահին


Պէյրութ

Հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Պարաք Օպամային, իր վերընտրութեան առթիւ։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը փոխանցէ իր խորին շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները նախագահ Օպամային։ Ան կը յիշեցնէ թէ ամերիկահայերը, որոնք կը ներկայացնեն հայկական սփիւռքին մեծ հատուածը, մեծ նորդրում կը բերեն Ամերիկայի յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար։

Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ աշխարհատարած հասարակութեան անունով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի նախագահին, ամրապնդելու համար խաղաղութեան, ազատութեան եւ արդարութեան ճիգերը աշխարհի չորս կողմերուն։ «Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ ձեր նախագահական այս նոր շրջանը նպաստէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը, վերահաստատելու համար ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը», կը յայտնէ Հոգեւոր Տէրը։

Վերջապէս, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'եզրափակէ նամակը ըսելով. «մեր յոյսերն ու աղօթքները ձեզ հետ են, որպէսզի Աստուած ձեզ ուժ պարգեւէ կատարելու համար ձեր վսեմ առաքելութիւնը, որ ստանձնեցիք»։     

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ